
«Google» ընկերութեան հետ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ «Թաթոյեան» հիմնադրամին եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արեւմտեան տարածաշրջանին համատեղ ուժերով յաջողուած է «Google Maps» եւ «Google Earth» յաւելուածներէն հեռացնել ՀՀ Սիւնիքի մարզի համայնքներու տեղանուններուն կեղծ` ազրպէյճաներէն տարբերակները։
Ինչպէս նշուած էր Սեպտեմբեր 29-ի յայտարարութեամբ, Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը Սիսիան քաղաքի բնակիչներէն մէկուն ահազանգին հիման վրայ պարզած էր, որ «Google Maps» եւ «Google Earth» յաւելուածներուն մէջ անուանափոխուած եւ կեղծ կամ գոյութիւն չունեցող ազրպէյճանական անուններով նշուած են ՀՀ Սիւնիքի մարզի դպրոցներ, այգիներ, հրապարակներ եւ այլն:
Օրինակ` «Որոտան» գետը նշուած է ազրպէյճանական անուանումով՝ «Bazarçay» կամ Սիսիանի զբօսայգին անուանակոչուած է Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի անունով կամ Աթաթուրքի անունով, կամ Սիւնիքի մարզպետարանի տարածքը նշուած է միայն ազրպէյճաներէնով՝ «Zəngəzur Vilayəti Administrasiyası» եւ այլն:
Նոյնիսկ փորձած են փոխել Սիսիան քաղաքի անունը` Qarakilise։
Նմանատիպ մօտեցմամբ ազրպէյճաներէնով նշուած էին նաեւ տեղանուններ Մեղրիի եւ Կապանի մէջ։
Ակնյայտ էր, որ ասիկա ազրպէյճանական իշխանութիւններուն՝ Սիւնիքը ազրպէյճանական ըլլալուն վերաբերեալ բացարձակ կեղծ թեզը ներկայացնելու եղանակ էր։ Աւելին, ատով փորձ կը կատարուէր օրինականացնել ազրպէյճանական յանցաւոր ներխուժումները եւ յարձակումները ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ։
Հեռացուած են նաեւ ազրպէյճաներէնով նշուած կեղծ այլ տեղանուններ:
Հարկ կը համարենք յատուկ կարեւոր համարել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արեւմտեան տարածաշրջանի արագ արձագանգը, «Google» ընկերութեան հետ կապ հաստատելը եւ աշխատանքի հետեւողականութիւնը։
Մանրամասնութիւնները ներկայացուած են կից հրապարակուող լուսանկարներուն մէջ, ուր կը համեմատուին նախկին կեղծ ազրպէյճանական տեղանուններով տարբերակները, ներկայ՝ վերացուած տարբերակներուն հետ։
Արման Թաթոյեան
Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամ
http://yerakouyn.com/2022/10/18/google-maps-%d5%a5%d6%82-google-earth-%d5%b5%d5%a1%d6%82%d5%a5%d5%ac%d5%b8%d6%82%d5%a1%d5%ae%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%a7%d5%b6-%d5%b0%d5%a5%d5%bc%d5%a1%d6%81%d5%b8%d6%82%d5%a1/
Leave a Reply