
Ռոստոմ բէկ Մելիք Բեգլարեանի հերոսական խոյանքները եւ գերեվարութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուսաստանի Փաւէլ Ա. կայսր, որ տակաւին նոր Վրաստանի թագաւորութիւնը ջնջած եւ Ռուսական կայսրութեան միացուցած էր, 1801 մարտ 11-էն 12 լուսցող գիշերը Միխայիլովեան ամրոցի իր ննջասենեակին մէջ սպաննուեցաւ դաւադիր խումբ մը սպաներու կողմէ եւ գահ բարձրացաւ որդին` Ալեքսանդր Ա.:
Նոյն ժամանակ ցարական կառավարութիւնը Լոռին, Փամբակը եւ Շամշադինը Ռուսական կայսրութեան միացուց:
***
Դանիէլ Սուրմառեցի եպիսկոպոս Պոլսոյ պատրիարքն էր եւ Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոսի վախճանումէն ետք կաթողիկոս ընտրուած էր, բայց ռուսական կառավարութեան միջամտութեամբ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան ընտրուած էր:
Ընտրեալ Յովսէփ կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Դանիէլ Սուրմառեցի երկրորդ անգամ` 16 մարտ 1801-ին առաջադրուեցաւ իբրեւ կաթողիկոս, բայց մինչեւ հասնիլը, հակառակ Էջմիածնի միաբանութեան կամքին, ռուսական կառավարութեան միջամտութեամբ, 28 ապրիլ 1802-ին կաթողիկոսական գահը գրաւեց Դաւիթ Էնեգեթցի:
Դանիէլ Սուրմառեցիի կողմնակիցները Բագրեւանդի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ 25 մայիս 1802-ին Աղթամարի Կարապետ կաթողիկոսին եւ տասնհինգ եպիսկոպոսներու ձեռամբ զայն կաթողիկոս օծեցին:
Կաթողիկոսական գահին համար բուռն պայքար սկսաւ կողմերուն միջեւ:
Ռուսեր Դաւիթ Էնեգեթցիի միջոցով կը ջանային Էջմիածինը իրենց հսկողութեան տակ առնել եւ Պարսկական Հայաստանի մէջ իրենց ազդեցութիւնը զօրացնել:
Դաւիթ Էնեգեթցիի կողմնակիցները, ռուսերու աջակցութեամբ ստանալով օսմանեան կառավարութեան համաձայնութիւնը, 1802 նոյեմբերին Դանիէլ Սուրմառեցին բռնութեամբ դուրս հանեցին Պայազիտէն եւ Էջմիածին հասցուցին: Դանիէլ բանտարկուեցաւ եւ յետոյ, Ֆաթհ Ալի շահին հրամանով Մարաղա աքսորուեցաւ:
***
Զօրավար Փաւէլ Ցիցիանով (Ռուսաստան տեղափոխուած վրացի Ցիցիշվիլի իշխանական տունէն) 1802 սեպտեմբերին Վրաստանի կառավարչապետ եւ Աստրախանի զինուորական նահանգապետ նշանակուեցաւ:
Ցիցիանով ռուսական նոր զօրամասեր կեդրոնացուց Վրաստանի մէջ եւ մշակեց Գանձակի գրաւման ծրագիրը:
Ցիցիանով նամակ գրեց Գանձակի Ջաւադ խանին, փաստարկելով որ Գանձակ պատմականօրէն Վրաստանի մաս կը կազմէ, եւ քանի որ Վրաստան Ռուսական կայսրութեան միացած է, Գանձակ եւս պէտք է կցուի Ռուսաստանի: Ան Ջաւադ խանէն կամաւոր անձնատուութիւն պահանջեց:
Ջաւադ խան պատասխանեց ըսելով որ այո, Գանձակ Վրաստանի մաս կազմած է, բայց իր նախահայրերն ալ վրաց կառավարիչներ եղած են: Հետագային Վրաստանի եւ Գանձակի միջեւ յստակ սահմանագիծ եղած է: Խանը նամակը կ՛եզրափակէր ըսելուվ որ եթէ դուք ռուսերդ ձեր հրացաններուն ու թնդանօթներուն կը վստահիք, մենք ալ մեր զէնքերուն, քաջութեան եւ ղզըլպաշներուն կը վստահինք:
Պատասխան նամակը ստանալէն ետք, զօրավար Ցիցիանով բանակին հրամայեց յարձակման անցնելու:
Ռուսական զօրքը, երկու թեւերու բաժնուած, 3 (15) յունուար 1804-ի արեւածագին յարձակման անցաւ: Գանձակեցիք քանի մը ժամուան բուռն դիմադրութենէ ետք ընկճուեցան: Ջաւադ խան մէկ ձեռքով հրացան եւ միւս ձեռքով սուր բռնած փորձեց ինքզինք պաշտպանել, բայց սպաննուեցաւ: Ռուսեր մտան քաղաք եւ անոր բնակիչներէն շատեր սուրի քաշեցին:
***
Պարսկական կառավարութիւնը 23 մայիս 1804-ին վերջնագիր ներկայացուց Ռուսաստանի, պահանջելով ռուսական զօրքերը դուրս բերել Անդրկովկասէն: Վերջնագիրը մերժուեցաւ:
Նոյն օրերուն պարսկական երեսուն հազարնոց բանակը գահաժառանգ Աբաս Միրզայի հրամանատարութեան տակ կեդրոնացաւ Երեւանի խանութեան մէջ:
Ռուսական բանակի յառաջապահ զօրամասերը զօրավար Լէոնտեւի հրամանատարութեան տակ 29 մայիս 1804-ին յառաջխաղացին եւ Լոռիէն ու Փամբակէն անցնելով յունիսի սկիզբը հասան Գիւմրի եւ ճամբար դրին պարսկական զօրքէն քիչ հեռաւորութեան վրայ: Յունիս 9-ին անոնց միացաւ զօրավար Տուչկով` երկու գումարտակներով ու հինգ թնդանօթով:
Ռուսական յառաջապահ ուժերուն եւ պարսկական զօրքերուն միջեւ առաջին ճակատամարտը տեղի ունեցաւ յունիս 10-ին, Ախուրեան գետի ափին, Փոքր Ղարաքիլիսա (ներկայիս` Ազատան) գիւղին մօտ: Պարսիկները ութ հազար զինուոր ունէին եւ թիւով կը գերակշռէին, բայց ռուսական հրետանիին եւ ռուս զինուորներուն օգնող հայ աշխարհազօրայիններու անձնազոհութեան շնորհիւ աւարտեցաւ ռուսական զօրագունդի յաղթանակով:
Ռուսական յառաջապահ ուժերու յաղթանակին շնորհիւ չորս հարիւր հայ ընտանիքներ ազատեցան պարսկական գերութենէ: Իսկ Երեւանէն արտաքսուող եօթը հազար հայ ընտանիքներու համար ալ ճամբայ բացուեցաւ անցնելու Փամբակ եւ Լոռի եւ ապաստան գտնելու ռուսական հպատակութեան տակ:
Յունիս 12-ին Գիւմրի հասան ռուսական գլխաւոր ուժերը` զօրավար Ցիցիանովի հրամանատարութեամբ:
Յունիս 15-ին 4370 զինուորէ, քսան թնդանօթէ եւ հայ-վրացական աշխարհազօրային ջոկատէ կազմուած ռուսական զօրագունդը, դուրս գալով Գիւմրիէն, Ապարանի կողմէն շարժեցաւ դէպի Երեւան: Յունիս 19-ին ռուսական զօրքը մօտեցաւ Էջմիածնի:
Զօրավար Ցիցիանով ծրագրած էր գրաւել Էջմիածինը, հանգիստ տալ զօրքին եւ ապա բանակցութիւններ սկսիլ Մոհամէտ խանին հետ, Երեւանի բերդը առանց դիմադրութեան իրեն յանձնելու համար:
Մինչ այդ Աբաս Միրզայի հրամանատարութեան տակ գործող պարսկական բանակը հասաւ Էջմիածին եւ ամուր դիրքեր գրաւեց:
Յունիս 20-ին Վաղարշապատի մատոյցներուն մօտ մարտեր սկսան ռուսական եւ պարսկական զօրքերուն միջեւ:
Աբաս Միրզա յոյս ունէր Էջմիածնի մօտակայքը ջախջախել ռուսական զօրքը, սրընթաց գրոհով գրաւել Թիֆլիսը եւ նուաճել ամբողջ Կովկասը:
Ռուսական հրամանատարութիւնը, զգալով որ ուժերը անհաւասար են, որոշեց շրջանցել Էջմիածինը, շարժիլ դէպի Քանաքեռ եւ հոնկէ գրոհել Երեւանի վրայ:
Ռուսական զօրամասերը յունիս 25-ին գրաւեցին Քանաքեռը: Նոյն ժամանակ պարսկական զօրքեր ճամբար դրին Ազատ գետի ափին:
Յունիս 27-ին Քանաքեռի ռուսական ճամբար հասան քանի մը հայեր, որոնք յայտնեցին Էջմիածինէն պարսկական բանակի նահանջի լուրը: Անոնք միաժամանակ հաղորդեցին, որ Էջմիածնի վանքի պահեստներուն մէջ սննդամթերքի ահագին պաշարներ պահուած են, որոնք կը տրամադրուին ռուսական զօրքին:
Զօրավար Ցիցիանով ջոկատ մը ուղարկեց տիրելու Էջմիածնի, իսկ ինք յունիս 29-էն 30 լուսցող գիշերը անցաւ Հրազդան գետի ձախ ափը եւ գրոհեց Աբաս Միրզայի ճամբարին վրայ:
Պարսկական զօրքը նահանջեց Արաքսի աջ ափը, իսկ Ցիցիանով յուլիս 2-ին պաշարեց Երեւանի բերդը:
Սակայն ռուսական զօրքը չէր ապահովուած անհրաժեշտ քանակութեամբ զինամթերքով ու պարէնով:
Վճռական գրոհի անցնելու փոխարէն Ցիցիանով բանակցութեան մէջ մտաւ Մոհամէտ խանին հետ, բերդը առանց դիմադրութեան յանձնելու համար:
Մոհամէտ խան սկսաւ ձգձգել բանակցութիւնները, ժամանակ շահելու եւ Աբաս Միրզայէն օգնութիւն ստանալու համար:
Ցիցիանովի մարտավարական սխալը օգտագործելով, Աբաս Միրզա կարգի բերաւ իր բանակը եւ վերստին ճամբար դրաւ Ազատ գետի ափին:
Պարսիկներ ամէն կողմէ շրջափակեցին ռուսական զօրքերը:
Ռուսական բանակը կարիքը ունէր ուտեստեղէնի եւ ռազմամթերքի: Վառօդը սպառելու մօտ էր, իսկ թնդանօթները` անբաւարար:
***
Սարինշէն Հադրութէն հարաւ-արեւմուտք, Դիզափայտի արեւելեան լանջին, Սուրբ Աստուածածին եւ Շահկախ եկեղեցիներով ու պարէնով:
Գիւլիստանի մելիք Աբովի որդի Ռոստոմ բէկ Մելիք Բեգլարեան, իր գիւլիստանցիներէ բաղկացած հեծելագունդին գլուխը անցած, եւ իր հետ առնելով հինգ հարիւր ռուս զինուորներ, քաջութեամբ անցաւ պարսկական զօրքերուն մէջէն եւ Թիֆլիսէն, Փամբակի ու Ապարանի վրայով վառօդ, թնդանօթներ եւ այլ ռազմամթերք հասցուց Ցիցիանովի բանակին:
Ռուսական բանակի 1804 յուլիս 14-ի ռազմական գործողութիւններու օրագիրին մէջ արձանագրուած է. «Այսօր Փամբակէն տեղ հասաւ գումակը` ռազմամթերքով: Գնդապետ Ստեպկով կը վկայէ որ իր արշաւախումբի յաջողութեան մէջ գլխաւոր օգնական եղած է մելիք Աբովի որդի հայ իշխան Ռոստոմ բէկ»:
Յուլիս 14-ին Աբաս Միրզայի օգնութեան հասաւ Ֆաթհ Ալի շահ` տասնհինգ հազարնոց զօրքով:
Նոյն ժամանակ Երեւանի Մոհամէտ խան աւարտեց բերդին պաշտպանական կառուցումները: Բերդապահ կայազօրը, որ բաղկացած էր եօթը հազար զինուորներէ եւ ունէր վաթսուն թնդանօթ եւ երկու հրասանդ, համալրեց շահին ուղարկած ութ հարիւր զինուորներով:
Երեւանի մօտ կեդրոնացնելով շուրջ 35 հազարնոց բանակ, յուլիս 15-ին պարսկական զօրագունդերը յարձակման անցան, նպատակ ունենալով ոչնչացնել Ցիցիանովի բանակը եւ ներխուժել Վրաստան:
Պարսկական զօրքերը գլխաւոր հարուածը ուղղեցին ռուսական զօրքերու ձախ թեւին` զօրավար Լէոնտեւի ջոկատին դէմ:
Պարսկական երկու զօրագունդեր անցան Հրազդանը եւ գրոհեցին գնդապետ Ցեխանովսկիի զօրակէտին վրայ: Պարսկական երրորդ զօրախումբ մըն ալ յարձակման անցաւ զօրավար Պորտնիագինի դիրքերուն վրայ:
Երեւանի Մոհամէտ խանին զօրքերը, դուրս գալով բերդէն, թիկունքէն յարձակման անցան ռուսական զօրքերուն վրայ, իսկ հրետանին կը ռմբակոծէր անոնց դիրքերը:
Ռուսական զօրքի ցուցաբերած խիզախութիւնը եւ հրետանիի գերազանց գործողութիւնները հարկադրեցին պարսկական բանակը դադրեցնելու յարձակումը:
***
Ռուսական բանակին վիճակը օրըստօրէ կը ծանրանար: Ռազմամթերքի ու պարէնի պակասը ծանր կը ճնշէր: Լարուած մարտերու, ինչպէս նաեւ Արարատեան դաշտի տաքերուն պատճառով հետզհետէ կը նօսրանային ռուսական զօրաբանակի շարքերը:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ռոստոմ բէկ գիւլիստանցիներէ բաղկացած իր հեծեալ ջոկատով կրկին ու կրկին Փամբակի ու Ապարանի վրայով ճակատի գիծերէն անցնելով զէնք ու զինամթերք հասցուց Ցիցիանովի բանակին:
Նոյն օրերուն Օսեթիոյ մէջ խռովութիւններ բարձրացան ռուսական տիրապետութեան դէմ: Վրաց Ալեքսանդր իշխան երեք հազար ձիաւորներով միացաւ պարսիկներուն եւ շարժեցաւ դէպի Փամբակ:
Ռոստոմ բէկ Փամբակի ձորին մէջ, Ղուրսալու գիւղին մէջ պատահեցաւ պարսկական զօրքերուն, որոնք կը գործէին Փիր Ղուլի խանի հրամանատարութեան տակ: Պարսկական զօրքին հետ էին Ալեքսանդր իշխանի վրացական ուժերը:
Պարսկական եւ վրացական զօրքերը անհամեմատ գերազանց էին Ռոստոմ բէկի ուժերէն, բայց անոնք երեք օր կանգնած մնացին եւ չհամարձակեցան կռուի բռնուելու Ռոստոմ բէկի փոքրաթիւ խումբին դէմ:
Երեք օր ետք կռիւը սկսաւ: Ռոստոմ բէկ քաջութեամբ կռուեցաւ: Յանկարծ անոր ձին գնդակ ստացաւ եւ թաւալգլոր ինկաւ: Ռոստոմ բէկ այլ ձիու մը վրայ նստաւ եւ կրկին նետուեցաւ մարտի դաշտ: Ան երկու անգամ վէրք ստացաւ, բայց շարունակեց կռիւը: Երբ երրորդ վէրքը ստացաւ աջ ձեռքին վրայ, այդ ժամանակ արիւնաշաղախ վար ինկաւ:
Ռոստոմ բէկի իյնալէն ետք պարսիկներ գնդապետ Կոնդրատիեւը սպաննեցին եւ ռուսական զօրքը կոտորեցին:
Ռոստոմ բէկ գերի ինկաւ պարսիկներուն ձեռքը եւ տարուեցաւ գահաժառանգ Աբաս Միրզայի մօտ:
Leave a Reply