16 Հոկտեմբեր` Հայ մամուլի օրուան առիթով. շնորհաւոր Հայ մամուլի օր

ՏՈՔԹՈՐ ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

14 հոկտեմբեր 1794 թուականին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքի մէջ լոյս տեսաւ հայկական առաջին պարբերականը` «Ազդարար»-ը, որով կը սկսի հայ տպագիր մամուլի պատմութիւնը: «Ազդարար»-ի  հիմնադիրն եւ գլխաւոր խմբագիրն էր Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան: Պարբերաթերթը լոյս տեսած է ամիսը մէկ անգամ մինչեւ մարտ 1796 թուական` ընդամէնը 18 թիւ ընդհանուր ծաւալով:

Հայաստանի կառավարութեան  22 ապրիլ 2004-ին որոշումով 16 հոկտեմբերը հաստատուեցաւ իբրեւ «Հայկական մամուլի օր»: Այդ  թուականէն  սկսեալ հայ հասարակութեան մէջ այս օրը կը նշուի իբրեւ Հայ մամուլի օր:

Հայ մամուլը մինչեւ 20-րդ դարու վերջաւորութեան ապրած է աննախադէպ զարգացում մը: 19-րդ դարու առաջին կէսին հրատարակուած են աւելի քան 30, իսկ երկրորդ կէսին` 246 թերթ ու պարբերաթերթեր: 20-րդ դարու սկիզբին այս թիւը հասած էր շուրջ 600-ի: 1794 թուականէն սկսեալ` վերջին 227 տարիներուն ընթացքին, հրատարակուած էին աւելի քան 4000 հայկական թերթ ու պարբերաթերթեր, որոնք իսկապէս անգնահատելի նպաստներ բերած են հայ հասարակութեան մշակութային, քաղաքական, ընկերային կեանքի զարգացման մէջ:

Հայ մամուլի հիմնական կեդրոնները եղած են Թիֆլիս, Պէյրութ եւ Պոլիս քաղաքները: Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած են «Մասիս», «Մեղու», «Արեւելք» եւ այլ բազմաթիւ օրաթերթեր ու պարբերաթերթեր, նոյնպէս Թիֆլիսի մէջ ալ հրատարակուած են «Մշակ», «Մուրճ», «Փորձ», «Արձագանգ» եւ այլ  բազմաթիւ օրաթերթեր, ամսաթերթեր ու պարբերաթերթեր: Փարիզի մէջ լոյս տեսած են «Արեւելք», «Արեւմուտք» եւ ուրիշ հայկական թերթեր, նաեւ Մոսկուա, Զմիւռնիա եւ այլ քաղաքներու մէջ հրատարակուած են հայկական թերթեր ու պարբերաթերթեր:

20-րդ  դարու վերջին տասնամեակներուն  հրապարակ իջաւ նաեւ կուսակցական հայ մամուլը, Հնչակեան կուսակցութիւնը «Հնչակ»-ը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը «Դրօշակ»-ը, եւ այլ թերթեր ու պարբերաթերթեր:

Լոյս տեսան նաեւ մարքսական գաղափարախօսութիւնը ներկայացնող ընկերվար ժողովրդավարական «Փրոլետարիատ»-ը, «Կայծ»-ը, «Նոր Խօսք»-ը եւ այլ կուսակցական թերթեր ու պարբերաթերթեր:

Կուսակցական հայ մամուլը կը հրապարակէր հայ ժողովուրդի ազգային ու ընկերային խնդիրներուն վերաբերող նիւթեր եւ կը քարոզէր իւրաքանչիւր կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը:

Հայկական առաջին ամսաթերթ «Ազդարար»-ին յաջորդեց Վենետիկեան Մխիթարեան հայրերէն Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի  խմբագրութեամբ «Տարեգրութիւն»-ը (1800-1802), «Եղանակ Բիւզանդեան» (1803-1820), «Դիտակ Բիւզանեան» (1812-1816) պարբերաթերթերը:

Վիեննայի մէջ լոյս տեսած է նաեւ «Եւրոպա» (1847-1863) քաղաքական թերթը: Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ» (1843) եւ «Հանդէս ամսօրեայ» (1887) պարբերաթերթերը հայկական ամէնէն ուշագրաւ թերթերը եղած են, որովհետեւ հայ մշակութային կեանքի մէջ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցան:

Համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներէն ետք ստեղծուած քաղաքական լարուած դրութիւնը, միջազգային տնտեսական անկումը, ընկերային հարցերը, մամուլի ազատութեան արգելադրութիւնը, հայերէն լեզուի նկատմամբ անտարբերութիւնը, հայ  ժողովուրդի լայն խաւի մը մօտ ընթերցումի փափաքին պակասը հայ մամուլի զարգացման դիմաց լուրջ խնդիրներ բարձրացուցին եւ անոնց իբրեւ հետեւանք բազմաթիւ հայ թերթեր ու պարբերաթերթեր պարտաւորուեցան  կա՛մ իրենց հրատարակութեան քանակը նուազեցնել, եւ կամ իրենց հրատարակութեան վերջ տալ: Այսպիսով  հայ մամուլը ենթարկուեցաւ նահանջի եւ ապրեցաւ  ճգնաժամային շրջաններ:

Իսկ վերջին տասնամեակներուն ընկերային ցանցի դրութիւնը, ելեկտրոնային թերթերու հրատակութիւնները ժխտական ազդեցութիւն ունեցան  տպագիր մամուլի զարգացման վրայ.   այդ պատճառով ալ շատ մը  թերթեր  ու պարբերաթերթեր պարտաւորուեցան իրենց տպագրական հրատարակութեան վերջ տալ:  Քանի մը թերթեր ու պարբերաթերթեր` այս կացութենէն ազդուելով, իրենց տպաքանակը նուազեցուցին:

Այսօր, օրէ օր, զանազան պատճառներով հետզհետէ  կը պակսին հայ թերթի ընթերցողները, հետեւաբար ի մասնաւորին սփիւռքի հայ կեանքին մէջ հայ թերթ եւ կամ պարբերաթերթ մը ապրեցնելը  գրեթէ մեծ հրաշք մըն է:

Պէտք չէ մոռնանք, որ հայ մամուլը շատ կարեւոր դեր կատարած է հայ մշակոյթի, միտքի, հասարական, քաղաքական զարգացման ու արեւմտեան քաղաքակրթութեան արժէքներուն` հայ կեանքին մէջ տարածման գործընթացին մէջ.

հայ տան ամէնէն մտերիմ ու անկեղծ ընկերը հայ թերթն է, որ կը կարօտի հայուն գուրգուրանքին:

Ներկայիս, հակառակ բոլոր ժխտական ու սահմանափակ պայմաններու, կան  նաեւ հայ թերթի կեդրոններ, որոնք, մեսրոպեան ջահը վառ պահել ջանալով, կը  շարունակեն իրենց սրբազան առաքելութիւնը: Այս կեդրոններէն պոլսահայ մամուլը այժմ  ունի երկու օրաթերթեր` «Մարմարա» եւ «Ժամանակ», երկու շաբաթաթերթեր` «Ակօս» եւ «Լոյս», երկու ամսաթերթեր` «Սուրբ Փրկիչ» եւ «Փարոս», նաեւ` «Լոյս թի.վի.» (Luys TV)  պատկերասփիւռի հայերէն կայարան, որոնք պոլսահայ աշխարհը հաղորդակից կը դարձնեն հայ գիրին ու գրականութեան, նաեւ  հայ կեանքէն ու աշխարհի հասարակութենէն  լուրեր կը հաղորդեն:

Սրտանց  կը շնորհաւորեմ հայ լրագրողները, հայ մամուլի օրկանները, աշխատակից ու  գործակիցները` մաղթելով խօսքի ու մտքի ազատութիւն եւ իրենց մասնագիտական ասպարէզին մէջ  ստեղծագործական եռանդ ու նոր մտայղացումներ:

Շնորհաւոր ըլլայ հայ մամուլի աշխատակիցներուն օրը:

Բարի, յաջող  եւ երկարաշունչ ծառայութիւն բոլորին:

(Օգտագործուած աղբիւր. «Հայ մամուլի պատմութիւն»-Մարզական
լրագրութեան եւ շախմատի ամպիոն)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ