Իսթանպուլի սոխակի վերադարձը

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԼԱՐԱ ԹԱՇ

Սողո­մոն Գէորգ Սո­­­ղոմո­­­նեան կամ հան­­­րա­­­­­­­ծանօթ անու­­­նով Կո­­­միտաս Վար­­­դա­­­­­­­պետ 153 տա­­­րի առաջ 26 Սեպ­­­տեմբեր 1869-ին ծնած էր Կու­­­տի­­­­­­­նա քա­­­ղաքը։ Ան իբ­­­րեւ երաժշտա­­­գէտ կը հա­­­մարո­­­ւի ժա­­­մանա­­­կակից հայ երաժշտու­­­թեան հիմ­­­նա­­­­­­­դիրը։ Իր իսկ ու­­­սուցչա­­­գոր­­­ծած Էջ­­­միած­­­նի եկե­­­ղեց­­­ւոյ աջակ­­­ցութեամբ երաժշտա­­­կան ու­­­սումը կա­­­տարե­­­լագոր­­­ծեց Գեր­­­մա­­­­­­­նիա, նոյն շրջա­­­նին եւ­­­րո­­­­­­­պացի­­­ներուն ծա­­­նօթաց­­­նե­­­­­­­լով հայ­­­կա­­­­­­­կան երաժշտու­­­թիւնը։

Կո­­­միտաս Վար­­­դա­­­­­­­պետ հայ­­­կա­­­­­­­կան ժո­­­ղովրդա­­­կան երաժշտու­­­թե­­­­­­­նէն շուրջ 3000 օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը ձայ­­­նագրե­­­լով եզա­­­կի հա­­­ւաքա­­­ծոյ մը գո­­­յացուց։ Բա­­­ցի հա­­­յերէ­­­նէ, թրքե­­­րէն, քրտե­­­րէն եւ պարսկե­­­րէն եր­­­գեր ալ ձայ­­­նագրեց։ Իր այս աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րով Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին Երաժշտա­­­կան Ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան ոչ եւոր­­­պա­­­­­­­ցի առա­­­ջին ան­­­դա­­­­­­­մը դար­­­ձաւ։ 24 Ապ­­­րիլ 1915-ին բազ­­­մա­­­­­­­հարիւր հայ մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու հետ ինք ալ աք­­­սո­­­­­­­րուե­­­ցաւ դէ­­­պի Անա­­­հոլո­­­ւի խա­­­ւար խոր­­­քե­­­­­­­րը։

Իր երկրպա­­­գու­­­նե­­­­­­­րուն ջան­­­քե­­­­­­­րով մա­­­զապուրծ փրկո­­­ւեցաւ դա­­­ժան մա­­­հէ ու վե­­­րադար­­­ձաւ Պո­­­լիս։ Սա­­­կայն խան­­­գա­­­­­­­րուած էր անոր հո­­­գեկան առող­­­ջութիւ­­­նը եւ կեան­­­քի մնա­­­ցեալ մա­­­սը ան­­­ցուց հո­­­գեբու­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու մէջ։

«Քու­­­լիս»ի 793-րդ հա­­­մարը Կո­­­միտաս Վար­­­դա­­­­­­­պետի ծննդեան 110-ամեակի ձօ­­­նուած յա­­­տուկ թիւ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով լոյս տե­­­սաւ։ Այդ թի­­­ւին մէջ տեղ գտաւ նաեւ Հրանդ Հրա­­­հանի Կո­­­միտաս Վար­­­դա­­­­­­­պետի աք­­­սո­­­­­­­րէն վե­­­րադար­­­ձը ն­­­կագ­­­րող գրու­­­թիւնը։

«Պաղ­­­տատ-Իս­­­թանպուլ» ճե­­­պըն­­­թա­­­­­­­ցը վեր­­­ջա­­­­­­­պէս հա­­­սաւ Հայ­­­տարփա­­­շայի կա­­­յարա­­­նը, ուր ամե­­­նազ­­­գի խուռն բազ­­­մութիւն էր սպա­­­սում։

Ժո­­­ղովուրդը շունջ բռնեց։ Ար­­­դեօք նո­­­րից կը տես­­­նէ՞ր իր սի­­­րելի Կո­­­միտա­­­սին, կը վա­­­յելէ՞րանոր քաղցր ու հմա­­­յիչ մե­­­ղեդի­­­ներն ու մո­­­գական ձո­­­ղիկը, թէ այս բո­­­լորը մի խա­­­բու­­­սիկ պատ­­­րանք էր։ Բայց ահա՛, բաժ­­­նեակի բաց լու­­­սա­­­­­­­մու­­­տի առաջ ին­­­քը՝ Կո­­­միտա­­­սը։

Ծա­­­փահա­­­րու­­­թիւննե­­­րու տա­­­րափը ճեղ­­­քեց լռու­­­թիւնը եւ վար­­­պե­­­­­­­տին հա­­­սաւ։ Ծա­­­փահա­­­րու­­­թիւննե­­­րու հետ միասին ժո­­­ղովրդի սիրտն ալ շա­­­ռաչեց, ալե­­­կոծո­­­ւեց եւ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան բա­­­ցական­­­չութիւննե­­­րով յոր­­­դո­­­­­­­ւեց։

-Բա­­­րով եկար, Կո­­­միտաս հայր սո՛ւրբ…

Գալդ բա­­­րի, Վար­­­պե՛տ…

-Ող­­­ջո՛յն կռունկ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի…

Այս սրտա­­­բուխ ցոյ­­­ցե­­­­­­­րու առաջ Կո­­­միտա­­­սը ման­­­կան նման կը ժպտար եւ ծա­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րի ու հա­­­մակ­­­րանքի այս տա­­­րափէր զար­­­մա­­­­­­­ցած, գլուխն այնպի­­­սի յար­­­գա­­­­­­­լից ձե­­­ւով էր խո­­­նար­­­հէր, կար­­­ծես Փը­­­թիշա­­­նի մեծ դաճ­­­լի­­­­­­­ճը ըլլար՝ իր երեք հա­­­րիւր եր­­­գիչնե­­­րու մօտ եւ ջերմ ու խան­­­դա­­­­­­­վառ ըն­­­դունե­­­լու­­­թիւն ցոյց տո­­­ւող գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­սէր հա­­­սարա­­­կու­­­թեանը շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն յայտնէր։

—–

Հայ­­­տարփա­­­շայի կա­­­յարա­­­նէն ոմանք Սկիւ­­­տար եր­­­թա­­­­­­­լու հա­­­մար բաժ­­­նո­­­­­­­ւեցան։ Իսկ Իս­­­թանպու­­­լի եւ­­­րո­­­­­­­պական ափը ապ­­­րող բազ­­­մութիւ­­­նը «Շիր­­­քե­­­­­­­թիՀայ­­­րի­­­­­­­յէ» ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան շո­­­գենա­­­ւը տե­­­ղաւո­­­րուեց, որ մի քա­­­նի վայրկեան առաջ ասիական ափ հա­­­սեծ էր՝ իր սո­­­վորա­­­կան ու­­­ղերթը կա­­­տարե­­­լու։

Ըն­­­դարձակ շո­­­գենա­­­ւին բազ­­­մութիւ­­­նը դար­­­ձեալ Կո­­­միտա­­­սի շուրջը խռնո­­­ւեց։ Օրը կի­­­սուած էր։ Մի­­­նարէի կա­­­տարէն մո­­­ւէզ­­­զի­­­­­­­նը Ալ­­­լա­­­­­­­հի մե­­­ծու­­­թիւնը կը հռչա­­­կէր եւ հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րը մզկիթ կը հրա­­­ւիրէր։

Շո­­­գենա­­­ւը Վոս­­­փո­­­­­­­րի կա­­­պոյտ սիր­­­տը ճեղ­­­քե­­­­­­­լով, սրըն­­­թաց դէ­­­պի Կա­­­լաթա­­­յի կա­­­մուրջը կ՚ար­­­շա­­­­­­­ւէր։ Վոս­­­փորն ան­­­յա­­­­­­­գօրէն իր եր­­­կու ափե­­­րուն բարձրա­­­ցող մշտա­­­դալար եղեւ­­­նի­­­­­­­ներու ար­­­բեցնող բոյ­­­րը կը ծծէր։ Կա­­­պոյ­­­տի ու կա­­­նաչի այս ան­­­սահման տա­­­րածու­­­թեան մէջ Կո­­­միտա­­­սը կը նա­­­յէր Վոս­­­փո­­­­­­­րի ջրե­­­րուն, կը նա­­­յէր Իս­­­թանպու­­­լի Եւ­­­րո­­­­­­­պական ափի դա­­­լարա­­­գեղ կա­­­նաչու­­­թեանը եւ կար­­­ծես անոր դէմ­­­քը կը պայ­­­ծա­­­­­­­ռանար, ճա­­­ռագայ­­­թէր։ Կը թո­­­ւար, թէ ան իր հո­­­գեկան ու Ֆի­­­զիքա­­­կան բնա­­­­կանոն վի­­­­ճակը լիովին վերստա­­­­ցած էր։ Խօս­­­­քերն ու տո­­­­ւած պա­­­­տաս­­­­խաննե­­­­րը տրա­­­­մաբա­­­­նու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն ամե­­­­նեւին զուրկ չէին։

Ի՞նչն էր անոր վե­­­­րափո­­­­խել։ Իս­­­­թանպու­­­­լի օ՞դը, թէ ուղղա­­­­կի վե­­­­րադար­­­­ձը։ Գու­­­­ցէ բո­­­­լորն ալ։ Կար­­­­ծես ոչինչ չէր պա­­­­տահած ու այդ վայրկեանին ան հա­­­­մեր­­­­գի կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կերպչա­­­­կան գոր­­­­ծով Սկիւ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րէն Փէ­­­­րա կը վե­­­­րադառ­­­­նար։

Շո­­­­գենա­­­­ւը մեծ կա­­­­մուրջը քե­­­­րելով Կա­­­­լաթա­­­­յի քա­­­­րափին մօ­­­­տեգաւ։ Այնտեղ ալ ծա­­­­ղիկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով բեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւորո­­­­ւած մարդկա­­­­յին մի ստո­­­­ւար բազ­­­­մութիւն խռնո­­­­ւեծ էր։ Կար­­­­ծես պա­­­­տերազմ չըլ­­­­լար ու ժո­­­­ղովուրդը ու­­­­րիշ հոգ չու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նար։

«Զար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նալի՛ բան…» կը մտա­­­­ծէր Կո­­­­միտա­­­­սը։ «Այնտեղ մարդկա­­­­յին թշո­­­­ւառ արա­­­­րած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ճամ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ներու եր­­­­կայնքին, կի­­­­զիչ արե­­­­գակի ճա­­­­ռագայթնե­­­­րու տակ քարշ կու գան, հիւ­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ու սպա­­­­ռուած կ՚ընկնեն, իսկ այստեղ, մայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քաղա­­­­քի պո­­­­ղոտա­­­­ներուն, կա­­­­մուրջի մայ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րուն ու ծո­­­­վափի եզեր­­­­քին մար­­­­դիկ կը ժպտան, կը կա­­­­տակեն, նոյ­­­­նիսկ՝ ծա­­­­ղիկ­­­­ներ կը մա­­­­տու­­­­ցեն։ Ար­­­­դեօ՞ք ասոնք չեն գի­­­­տեր, որ այնտեղ ժո­­­­ղովուրդ մը կը ոչնչա­­­­նայ, հիանա­­­­լի ժո­­­­ղովուրդ մը, որ դա­­­­ժան թշնա­­­­միի դէմ իր եղունգնե­­­­րով, ատամ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով ու բռունցքնե­­­­րով կեան­­­­քի ու մա­­­­հուան պայ­­­­քար կը մղէ, որ ապ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լու գե­­­­րագոյն յոյ­­­­սին է կառ­­­­չած։

Անամպ եր­­­­կինքը, կա­­­­պոյտ ծովն ու նե­­­­ղու­­­­ցը, ծո­­­­վափի բար­­­­ձունքնե­­­­րուն լեր­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցած կա­­­­նաչ ան­­­­տառնե­­­­րը անոր հիաց­­­­մունքը զար­­­­մանքի փո­­­­խեցին։ Այդ զար­­­­մանքը հետզհե­­­­տէ զայ­­­­րոյթի փո­­­­խուեց եւ զայ­­­­րոյթը ըմ­­­­բոստու­­­­թեան։ Բնու­­­­թիւնն իր ամ­­­­բողջ գե­­­­ղեց­­­­կութեամբ ու հմայ­­­­քով ատե­­­­լի թո­­­­ւաց, անար­­­­դար եւ ան­­­­գութ։ Այս բո­­­­լորը չտես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար ան եր­­­­կու ափով իր դէմ­­­­քը ծած­­­­կեց ու աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը փա­­­­կեց։ Սա­­­­կայն եւ այնպէս, անոր հո­­­­գին ան­­­­կէ աւե­­­­լի բուռն կեր­­­­պով ալե­­­­կոծո­­­­ւեց, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ այս ան­­­­գամ անոր երե­­­­ւակա­­­­յու­­­­թիւնն էր, որ սկսաւ աւե­­­­լի ուժգին գոր­­­­ծել ու յան­­­­կարծ մտքի աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով տե­­­­սաւ այն խա­­­­ւար գի­­­­շերը այս նոյն վայ­­­­րին, երբ միեւ­­­­նոյն շո­­­­գենա­­­­ւով բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ հո­­­­գիներ ան­­­­ցան Հայ­­­­տարփա­­­­շա։

Իսկ ին­­­­քը… մե­­­­նակ վե­­­­րադար­­­­ձաւ, բո­­­­լորո­­­­վին մե­­­­նակ…

Կո­­­­միտա­­­­սը սար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փած, ցնցո­­­­ւեց եւ աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը լայն գլու­­­­խը բարձրա­­­­ցուց ու շուրջը նա­­­­յեց բնու­­­­թեան ու մարդկանց երե­­­­սին՝ իր հո­­­­գին տան­­­­ջող ահա­­­­ւոր մղձա­­­­ւան­­­­ջէն խու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փելու ճի­­­­գով։

Սա­­­­կայն, ափ­­­­սո՞ս, ան իր­­­­մէ ի զո՛ր ան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րելին կը պա­­­­հան­­­­ջէր։ Շո­­­­գենա­­­­ւը կը մօ­­­­տենար քա­­­­րափին։

Կո­­­­միտա­­­­սի հո­­­­գեկան տագ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­պը արա­­­­գօրէն կ՚աճէր, կը կու­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կուէր։ Հօ­­­­րեղ­­­­բօ­­­­­­­­­­­­­­­րոր­­­­դին՝ Յա­­­­կոբը զգաց այդ եւ ու­­­­զեց կան­­­­խել աղէ­­­­տը։ Բայց ինչպէ՞ս։ Հո­­­­գեկան վէր­­­­քը մա­­­­տի վէրք չէ, կա­­­­րենաս դե­­­­ղով ու վի­­­­րակա­­­­պով ամո­­­­քել։

Եւ ահա՛, ակա­­­­մայ, այդ թուրքա­­­­խօս բա­­­­րի ու միամիտ մար­­­­դը, Կո­­­­միտա­­­­սի միակ հա­­­­րազա­­­­տը, իր մէկ նոր հար­­­­ցումով փու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­ցուց այն աղէ­­­­տը, որ­­­­մէ այնքան կը վախ­­­­նար։

– Է…։ հօ­­­­րեղ­­­­բա՛յր, ո՞նց ես։

– Չե՞ս տես­­­­նում, թէ… ո՞նց եմ, հա… –

– Եր­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րատեւ ահեղ ձայ­­­­նով յան­­­­կարծ բղա­­­­ւեց Կո­­­­միտա­­­­սը մարդկա­­­­յին կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­քէ դուրս եկած։

Եւ ան ամ­­­­բոշջ մարմնով սկսաւ դո­­­­ղալ։

Բո­­­­լորը սարսռա­­­­ցին այդ ան­­­­մարդկա­­­­յին մռնչիւ­­­­նէն։

Յա­­­­կոբը անոր գրկեց։ Իսկ մարդկա­­­­յին բազ­­­­մութիւ­­­­նը ահով ու եր­­­­կիւղով հա­­­­մակո­­­­ւած շրջա­­­­պատե­­­­ցին անոր, զգա­­­­լով այն զար­­­­հուրե­­­­լի դժբախ­­­­տութիւ­­­­նը, որ կը սպառ­­­­նար մթագ­­­­նել «Իս­­­­թանպու­­­­լի սո­­­­խակ»ի պայ­­­­ծառ իմա­­­­ցակա­­­­նու­­­­թիւնը։

Ծա­­­­փոշ­­­­ջիւննե­­­­րը դադ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­ցան։ Ու­­­­րախ ժպիտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը սա­­­­ռեցան մարդկանց շրթունքնե­­­­րու վրայ Եր­­­­կիւղա­­­­լի լռու­­­­թիւն տի­­­­րեց։

Միայն Վոս­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­րի փրփրա­­­­գեղ ալիք­­­­ներն էին շա­­­­ռաչում՛ որ­­­­պէս կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նի մա­­­­հուան տխուր ղօ­­­­ղանջ… (Քու­­­­լիս թիւ 793, 1 Յու­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւար 1980):

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/27626/istanbuli-svokhagi-vyeratartsi

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2022
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ