
Արցախի սարսափելի սովը, աւերածութիւնները եւ բնակչութեան ցրուումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայոց ընտրեալ Յովսէփ կաթողիկոս Արղութեան, որ Աստրախանէն ճամբայ ելած էր Էջմիածին երթալու եւ կաթողիկոս օծուելու համար, Ղզլարէն եւ Մոզտոկէն անցնելէ ետք, 6 փետրուար 1801-ին հասաւ Դուշէթ եւ հոնկէ 11 փետրուարին, Մեծ պահոց երկրորդ երկուշաբթին մուտք գործեց Թիֆլիս եւ փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ:
Վրաց մայրաքաղաքի ամբողջ բնակչութիւնը փողոց դուրս եկած էր դիմաւորելու համար ընտրեալ կաթողիկոսը: Եկեղեցական երկար թափօրներ կազմուած էին, իսկ թնդանօթներ համազարկերով կ՛ողջունէին անոր գալուստը:
Յովսէփ կաթողիկոս, շուրջառով ու գաւազանով եւ ամպհովանիի ներքեւ թափօրին հետեւելով մուտք գործեց Վանքի մայր եկեղեցին: Եկեղեցւոյ բեմէն ան քարոզեց, մաղթանքներ ըրաւ ռուսաց օգոստափառ Փաւէլ Ա. կայսեր համար եւ օրհնեց ժողովուրդը:
Ընտրեալ կաթողիկոսը այնուհետեւ ուղղուեցաւ վրաց Սուրբ Սիոն մայր եկեղեցին, ուր աղօթեց Գէորգի թագաւորի դագաղին առջեւ, վրացերէն քարոզեց, Փաւէլ կայսեր կողմէ վախճանեալ թագաւորին ուղղուած գիրը կարդաց եւ հոգեհանգիստ կատարեց:
Էջմիածինէն հրաւիրակ եկող Սիմէոն, Թադէոս, Անդրէաս եւ Բարսեղ եպիսկոպոսները ճամբան ձիւնի բռնուելով ուշացած էին եւ փետրուար 12-ին հասան Թիֆլիս:
* * *
Վրաց արքայական տան անդամներուն միջեւ սուր պայքարին ու կռիւներուն պատճառով շփոթ ու վտանգաւոր կացութիւն ստեղծուած էր: Կացութիւնը մէկ օրէն միւսը կրնար փոխուիլ:
Յովսէփ կաթողիկոս իր ամբողջ հեղինակութեամբ ու եռանդով աշխատելով յաջողեցաւ վերջ տալ եղբայրասպան կռիւներուն, հաշտութիւն գոյացնել արքայորդիներուն միջեւ եւ կացութիւնը յեղաշրջել ի նպաստ ռուսական արեւելումի կողմնակից Դաւիթ իշխանին:
Այս առիթով ան նամակ գրեց զօրավար Քնորրինկի, ուր կ՛ըսէր. «Պայծառափայլ արքայորդիներու մէջ եղած կռիւները, խռովութիւնները, զօրաժողովները քանդուեցան իմ խորհուրդներով: Այժմ անոնց միջեւ հաշտութիւն է»:
Դաւիթ իշխանի կուսակիցներուն մէջ կային հայ իշխաններ Սողոմոն Արղութեան` Յովսէփ կաթողիկոսի եղբօրորդին, եւ Թիֆլիսի քաղաքապետ մելիք Դարչի Բեհբութեան:
* * *
Զօրավար Լազարեւ շաբաթ, 16 փետրուարին Թիֆլիսի բնակիչները Սուրբ Սիոնի եկեղեցին պատարագի հրաւիրեց: Պատարագէն ետք ռուսերէն եւ վրացերէն լեզուներով կարդացուեցաւ Փաւէլ Ա. կայսեր հրովարտակը, ուր կը յայտարարուէր որ Վրաստան յաւիտենապէս միացած է Ռուսական կայսրութեան:
Վրաց Անտոն Բ. կաթողիկոս¬պատրիարք, որ Դարեջան թագուհիի որդին էր, ծնկաչոք գոհաբանական մաղթանք կատարեց:
Թիֆլիսի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը ամբողջ օրը ղօղանջեցին:
Յաջորդ օր, կիրակի, 17 փետրուարին, Թիֆլիսի ամբողջ հայութիւնը Բերդի հայոց եկեղեցի հրաւիրուած էր. հոն էին Յովսէփ կաթողիկոս եւ մայրաքաղաքի ամբողջ հոգեւորականութիւնը: Իշխաններ Սողոմոն Արղութեան եւ Դարչի Բեհբութեան կը հսկէին կարգապահութեան:
Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք Բերդի եկեղեցիէն բազմամարդ եւ երկարաձիգ թափօրը ուղղուեցաւ Վանքի մայր եկեղեցին, ուր հասան Դաւիթ իշխան եւ զօրավարներ Լազարեւ եւ Գուլիակով` շրջապատուած ռուսական սպաներով, վրացի ազնուականներ եւ Անտոն Բ. կաթողիկոս¬պատրիարք` շրջապատուած հոգեւորականներով:
Յովսէփ կաթողիկոս խնկարկեց Փաւէլ կայսեր պատկերին առջեւ, երկրպագեց անոր, համբուրեց եւ ձեռքերուն վրայ բարձրացնելով բացագանչեց. «Կեցցէ՜ մեծ եւ ամենաօգոստափառ միապետն իր ամբողջ բարձրագոյն տոհմով»: Ժողովուրդը միաբերան պատասխանեց. «Եղիցի՜, ամէ՜ն, ամէ՜ն»:
Պատարագիչը Յովսէփ կաթողիկոսն էր. քարոզի ժամանակ ան յուսադրեց եւ խրախուսեց ժողովուրդը անխախտ հաւատարմութիւն պահպանել դէպի ռուսական ամենաօգոստափառ գահը, որուն հպատակ կը դառնան այժմ:
Այնուհետեւ ռուսերէն, հայերէն եւ վրացերէն լեզուներով ընթերցուեցաւ կայսեր հրովարտակը, որուն հետեւեցաւ ծնկաչոք գոհաբանական մաղթանքը:
Յաւարտ սուրբ պատարագի վանքի բակին մէջ կաթողիկոսին կողմէ ճաշ տրուեցաւ բոլոր բարձրաստիճան հիւրերուն:
Երեք օր ետք, փետրուար 20¬ին Գէորգի ԺԲ. թագաւորին մարմինը Մցխեթա փոխադրուեցաւ եւ հողին յանձնուեցաւ:
* * *
Կովկասի վրայ գերիշխանութիւն հաստատելու համար ռուսական քաղաքականութեան սկզբնական մտադրութիւնն էր Վրաստանի թագաւորութեան կողքին հայկական իշխանութիւն մը հաստատել եւ քրիստոնեայ այդ իշխանութիւնները իր թեւարկութեան տակ առնել: Բայց այժմ, վրաց թագաւորութեան ջնջումով հայկական թագաւորութեան մը վերականգնման միտքն ալ ջնջուած կը նկատուէր:
Ռուսաստան մինչեւ հիմա քրիստոնեայ փոքր եւ հալածուած ժողովուրդներու պաշտպանի եւ անոնց փրկութեան լոզունգներով շարժած էր: Այժմ այլեւս այդպիսի ոսկեզօծ գեղեցիկ լոզունգներուն ալ կարիք չկար: Ռուսաստան զինու զօրութեամբ կը նուաճէր Կովկասը եւ նուաճուած ժողովուրդները իրեն հպատակ կը դարձնէր:
Հայոց ընտրեալ Յովսէփ կաթողիկոս ռուսական ձգտումներուն նեցուկն ու օգնականը եղած էր, մեծ դերակատարութիւն ունենալով ռուսական նուաճողական քաղաքականութեան յաջողութեան մէջ: Ինք միջնորդ եղած էր բանակցութիւններու մէջ եւ վրացիները համոզած էր համակերպելու ռուսական հպատակութեան:
Ընտրեալ կաթողիկոսը հետամուտ եղած էր հայկական քաղաքական իշխանութեան վերականգնման, բայց իր ընթացքով, վրացական թագաւորութիւնը ջնջելուն ի նպաստ ռուսերուն օգնելով, ակամայ եղծանած եղաւ ազատագրութեան գաղափարը:
Հայեր ազատագրական իրենց ջանքերը համաձայնեցուցած էին վրացիներուն հետ եւ կը կարծուէր որ այդպիսով ապահովուած կ՛ըլլար ազգային քաղաքական ինքնորոշման հասնելու ձգտումը: Արցախի մելիքները իրենց հպատակ ժողովուրդի ստուար համեմատութեան հետ Վրաստան փոխադրուած էին եւ յաւակնութիւն ունէին շարունակելու պայքարը:
Ռուսեր, անմիջապէս որ Վրաստանը Ռուսական կայսրութեան կցուած հռչակեցին, հասկցուցին, որ հայերուն համար այլեւս անցած են այն ժամանակները, երբ անկախութեան մասին խօսք կ՛ըլլար: Հայեր այժմ պատրաստ պիտի ըլլային ամէն գնով աջակցելու ռուսական բանակին, որ մտնէ իրենց երկիրը եւ զիրենք օգոստափառ ցարին հպատակ դարձնէ: Ազատագրութեան ամէն ձգտում մէկ կողմ պէտք է ձգել: Պէտք է բաւականանալ այն իրողութեամբ, որ ռուսեր իրենց հետ կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւն, խաղաղ աշխատանքի, զարգացման, կարգ ու կանոնի եւ սեփականատիրութեան իրաւունքի հաստատուն երաշխիքներ կը բերեն:
Ռուսական հպատակութիւնը շնորհ մըն էր, որուն հայերը պիտի արժանանային իրենց մեծամեծ ջանքերով, զոհողութիւններով եւ արիւնը թափելով: Հայկական ռազմական ուժը եւ գլխաւորաբար Արցախի մելիքներու ուժերը այժմ պիտի կռուէին ոչ թէ իսլամ տիրակալներէն ազատագրուելու մտքով, այլ ամբողջ Կովկասի ազգաբնակչութիւնը ռուսական հպատակութեան տակ առնելու համար:
* * *
Հայոց ընտրեալ Յովսէփ կաթողիկոս կը պատրաստուէր Էջմիածին մեկնելու: Բայց հայոց հոգեւոր կեդրոնը պարսկական տիրապետութեան տակ կը գտնուէր, այն պետութեան, որուն թշնամին եղած էր ռուսահայոց երբեմնի առաջնորդը եւ այժմ հայոց ընտրեալ կաթողիկոսը:
Ընտրեալ կաթողիկոսը կ՛ըմբռնէր, որ Պարսկաստան լաւ գիտէ իր ռուսական արեւելումը եւ չի մոռնար որ ինք երկար տարիներ գործակցած էր ռուսերուն հետ` Անդրկովկասը Պարսկաստանէն գրաւելու ջանքերուն մէջ: Պարսիկներ պիտի չներէին մանաւանդ որ ինք մեծ դեր ունեցած էր պարսկական գահի գերիշխան կամքին ենթակայ Վրաստանը Ռուսաստանի հպատակ դարձնելու աշխատանքներուն մէջ:
Սակայն ընտրեալ կաթողիկոսը կամովին կ՛երթար պարսկական հպատակութեան մէջ մտնելու, մոռնալով նոյնիսկ իր անձնական ապահովութիւնը: Բայց միւս կողմէ ան կ՛առաջնորդուէր այն մտքով, որ ինք իր ետեւէն կը բերէ ռուսական հզօր բանակը: Էջմիածնի մէջ ինք ռուսական արշաւանքի յառաջապահը պիտի ըլլար:
* * *
Ընտրեալ Յովսէփ կաթողիկոս մտադիր էր Մեծ պահքի չորրորդ ուրբաթ օրը, 1 մարտ 1801-ին Թիֆլիսէն ճամբայ ելլելու դէպի Էջմիածին: Կաթողիկոսական օծումը պիտի կատարուէր Մեծ պահքի աւարտէն առաջ եւ մարտ 24-ին փառաւորապէս պիտի տօնախմբուէր Սուրբ Զատիկը:
Յովսէփ կաթողիկոս Մցխեթայի մէջ մասնակցած էր Գէորգի ԺԲ. թագաւորի յուղարկաւորութեան եւ վերադարձած Թիֆլիս:
Գէորգի թագաւորի այրին` Մարիամ թագուհի փետրուար 27-ին Յովսէփ կաթողիկոսը արքունական բաղնիք հրաւիրեց: Կաթողիկոսը երկար մնաց ջերմուկի աւազանին մէջ: Բաղնիքէն եղբօրորդիին` իշխան Սողոմոն Արղութեանի տունը գնաց, բայց տունէն անմիջապէս թագուհիին քով մեկնեցաւ, շնորհակալութիւն յայտնելու եւ հրաժեշտի ողջոյն տալու: Ուշ ատեն ան տուն վերադարձաւ, այլայլեցաւ, տկարութիւն զգաց եւ անկողին մտաւ: Տաք բաղնիքէն ետք ցուրտ օդին կրկնուած երթեւեկին պատճառով ան պաղ առած էր. բժշկական քննութիւնը թոքատապ յայտնաբերեց: Տկարութիւնը օրըստօրէ ծանրացաւ եւ բժշկական ջանքերը ապարդիւն մնացին:
Մուտն ի Վիրապի տօնին շաբաթ օրը, մարտ 9-ի առաւօտուն Յովսէփ կաթողիկոս իր մօտ կանչեց Սիմէոն եպիսկոպոսը, խոստովանեցաւ եւ հաղորդուեցաւ: Լեզուն արդէն ծանրացած էր: Խնդրեց, որ մարմինը Սուրբ Էջմիածին տանին եւ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի գերեզմանին մօտ թաղեն: Նոյն գիշեր ան հոգին Աստուծոյ յանձնեց:
* * *
Արցախ աւերուած ու խոպանացած էր, ազգաբնակչութիւնը` նօսրացած եւ ցիրուցան եղած:
Շուշիի Իպրահիմ Խալիլ խանի համար Ղարաբաղի հայոց հարցը վերջնականապէս լուծուած էր եւ ինք կրնար իր խանութեան միացնել Գանձակէն մինչեւ Նախիջեւան տարածուող ընդարձակ շրջաններ:
Աշխատող գիւղացիներ իրարու ձեռքէ խլելու համար տեղացի խաներու, բէկերու եւ ցեղերու միջեւ կռիւները եւ գերեվարութիւնները անպակաս էին: Գերիները հնչուն դրամ էին յափշտակողներուն համար: Արցախ եւ յարակից գաւառները հետզհետէ կ՛ամայանային: 1801-ին արդէն Ղազախ գաւառը դատարկուած էր իր բնակչութենէն եւ ցիրուցան եղած: Շամշադին գաւառը գրեթէ անմարդաբնակ դարձած էր. անոր 2300 ծուխ հայ եւ թուրք բնակչութեան մեծ մասը` 1900 ընտանիք Գանձակ տարուած էր, իսկ Շամշադին մնացած 400 ընտանիքները լեռները կը թափառէին:
Արցախի մէջ 1801-ին սարսափելի սով էր եւ հոն մնացողները չափազանց թշուառ գոյութիւն մը կը պահէին:
Տաղստանի ցեղախումբերը, Ումմա խանի առաջնորդութեամբ ներխուժեցին Արցախ, թալանի եւ գերեվարութեան համար: Արցախցիք, սովամահ ըլլալու վտանգին առջեւ, գերմարդկային ճիգերով դիմադրութիւն կազմակերպեցին, եւ Ումմա խան ստիպուած իր ուժերը հաւաքելով հեռացաւ Արցախի սահմաններէն:
Վրաց Ալեքսանդր իշխան Գանձակի մէջ զօրք սկսաւ հաւաքագրել, ռուսերուն դէմ կռուելու համար: Գանձակի Ջաւադ խան միջնորդ հանդիսացաւ Ալեքսանդրի եւ լեզգիներուն միջեւ: Լեզգիներ Ալեքսանդրի կողքին պիտի կռուէին եւ իւրաքանչիւր կռուող յիսուն ռուբլի պիտի ստանար: Բայց որովհետեւ այդքան դրամ կը պակսէր Ալեքսանդր իշխանին, դրամի փոխարէն լեզգիներ հայ երեխաներ պիտի ստանային, որոնք իբրեւ գերի պիտի վաճառէին եւ պայմանաւորուած գումարը պիտի ապահովէին:
Leave a Reply