ՄԻԵԴ-Ը ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԲԵՐՁՈՐ ԵՒ ԱՂԱՒՆՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԱՀԱՆՄԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան շարք մը բնակավայրերու քաղաքացիական բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) ներկայացուած միջանկեալ միջոց կիրարկելու մասին պահանջի հիման վրայ, 19 օգոստոսին դատարանը վերահաստատեց 29 սեպտեմբեր 2020-ին կիրարկուած եւ նոյն թուականի 3 նոյեմբերին առաւել ընդլայնած միջանկեալ միջոցը` նշելով, որ անիկա կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ: Այս մասին յայտնեց Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակը:

«ՄԻԵԴ-ը կողմերը հրաւիրած է ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել քաղաքացիական բնակչութեան ուխտով պաշտպանուող իրաւունքներու խախտման, այդ կարգին անոնց` ուխտի 2-րդ, 3-րդ եւ 8-րդ յօդուածներով պաշտպանուող իրաւունքները վտանգի տակ դնելով», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

https://www.aztagdaily.com/archives/555414

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2022
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ