Ազրպէյճանը Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծ մշակած է

Հայաստանի Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Հանրային Խորհուրդը կը տեղեկացնէ, որ Ազրպէյճան արդէն մշակած է Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծ, որուն մասին յայտնած է Ազրպէյճանի «Յուշարձաններու Պաշտպանութեան Հասարակական Միաւորում» կազմակերպութիւնը՝ հրապարակելով համապատախան լուսանկար։

Նախագիծին համաձայն, պիտի անջատուի գմբէթի վեղարն ու զանգակատունը, պիտի կառուցուին երկու մինարեթներ։ Յստակ է նաեւ, որ եկեղեցւոյ պատերու բոլոր արձանագրութիւնները պիտի ջնջուին։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2022
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ