
Ծնած է 1863-ին, Սկիւտար: Նախապէս Օր. Զ. Խանճեան: Տասնվեց տարեկանին կը հիմնէ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը, ի տես իր ընտանեաց նախկին ծառային՝ Քղեցի Յակոբ Աղբօր անխնամ, ողորմելի վիճակին, եւ առաջին վարժարանը բանալ կու տայ ի Քղի:
Առաջին քերթուածները կը գրէ գրաբարով: Գրաբար-աշխարհաբարի խնդրոյն ատեն Անահիտ սուտանուամբ պարագլուխ կ’ըլլայ հին լեզուին ջատագովներուն, ընդդէմ աշխարհաբարեաններու, որոնց պարագլուխն էր Արամազդ (Բ. Քէչեան): Ա
մուսնանալով եղած է ատեն մը Տիկին Տօնէլեան: Այրիանալով ամուսնացած է Հրանդ Ասատուրի հետ, որուն աշխատակցութեամբ ունի դասագրքեր աշխարհաբարի ուսման յատուկ, «Թանգարան»ներն ու «Արդի Աշխարհաբարի Քերականութիւն» մը:
Զուտ գրական գործերն են «Աղջկան մը սիրտը» վէպը, առանձին հատորով եւ Օր. Ալիս ստանունով. հրատարակած է վիպակներ եւ յօդուածներ եւ բազմաթիւ քերթուածներ, որոնց մէկ մասը հրատարակուած է «Ցոլքեր» հատորով, եւ Սիպիլ ստանունով, որ իր վերջին եւ սովորական ստանունը եղած է գրականութեան մէջ:
Սիպիլ իր աշխարհիկ-բարոյական նիւթերով եւ վառվռուն արձակով կը մնայ թրքահայ գլխաւոր գրագիտուհին:
Մահացած է 1934-ին, Պոլիս։
Yerakouyn.com
Leave a Reply