Համացանցի վրայ կը գործէ «Կիւլպէնկեան»ի հայերէն-անգլերէն կայքէջը

Արեւմտահայերէն լեզուի եւ մշակոյթի կենսունակութիւնը կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի գործունէութեան կորիզը։ Մեր կայքէջը պարտի արտացոլել այս մօտեցումը, ներկայացնելով հայերէնը որպէս ստեղծագործութեան, արհեստավարժ գործունէութեան եւ հաղորդակցութեան լեզու։ Ամիսներու պատրաստութենէ ետք, մեր երկլեզու կայքէջը արդէն թողարկուած է՝

ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋ

Հայերէն կայքէջի պատրաստութեան համար աշխատեցանք եւ դիմեցինք ծրագրաւորողներու, տառանկարողներու, թարգմանիչներու, խմբագիրներու եւ պատկերազարդողներու։ Մեր նպատակն էր ունենալ հայերէն կայքէջ մը որ չի զիջիր անգլերէնին եւ ունի նոյն առաւելութիւններն ու յատկանիշները։

Կը յուսանք որ մեր կայքէջի հայերէն տարբերակը ունենայ բազմաթիւ այցելուներ։

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունք

Horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2022
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ