Խորհրդակցութիւն Հաթայի մեր եկեղեցիներու մասին

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 22 յունիս 2022, չորեքշաբթի առաւօտ ընդունեց Հաթայի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեանը։

Տէր Հայրը Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեց Հաթայի մեր եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալ ժողովուրդի համար տարուած հոգեւոր ծառայութեան մասին եւ խնդրեց մեր Հոգեւոր Պետին թելադրութիւնները։

Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Տէր Հօր եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ.ի այցելութեան համար։ Առաջին պատասխանատու աղբիւրէն՝ շրջանի հովիւէն տեղեկութիւններ քաղելով, հայրաբար յորդորեց եւ իր օրհնութիւնները տուաւ Հաթայի շրջանի մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին։

Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան եւ հայրական խրատներուն համար։ Ան շաբաթավերջին արդէն կը վերադառնայ Հաթայ։

 https://www.facebook.com/TRHayBad 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2022
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ