Պէտք է պահել բանալիները

•

Գրող, լրագրող, բանաստեղծ եւ «Արեւելք» կայքի հիմնադիր Սագօ Արեան երկուշաբթի օր իր որդւոյն հետ այցելեց «Ակօս»ի խմբագրատուն։ Ունեցանք ջերմ ու բարեկամական հարցազրոյց, որմէ դրուագներ կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Լ.Ք.- Բարով եկած էք Պո­լիս, բա­րի գա­լուստ «Ակօս»ի խմբագ­րա­տուն։ Գի­տեմ՝ նա­խապէս բազ­միցս այ­ցե­լած էք քա­ղաքս, սա ձեր քա­նիերո՞րդ այ­ցե­լու­թիւնն է։

Ս.Ա.- 2011-էն սկսեալ այս իմ տաս­նե­րորդ այ­ցե­լու­թիւնն է Պո­լիս։

Լ.Ք.- Այ­ցե­լու­թեան նպա­տակը զբօ­սաշրջա­կա՞ն է, թէ ոչ աշ­խա­տան­քա­յին։

Ս.Ա.- Մտա­դիր էի ու­սումնա­սիրել թէ քա­ղաքա­կան ի՞նչ փո­փոխու­թիւններ տե­ղի ու­նե­ցան վեր­ջին տա­սը տա­րինե­րու ըն­թացքին Թուրքիոյ մէջ։ Նման ու­սումնա­սիրու­թիւն մը յա­ւելեալ պրպտումնե­րու եւ ճի­գի կը կա­րօտէր։ Քա­նի որ մենք այ­սօր, մա­նաւանդ Ար­ցա­խի պա­տերազ­մէն ետք թրքա­կան թե­մայով քիչ մը աւե­լի զգոյշ ենք ընդհան­րա­պէս, ու­զե­ցի գրել Պոլ­սա­հայ հա­մայնքին մա­սին։ Ու­զե­ցի որ Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռքի մէջ մար­դիկ Պոլ­սա­հայու­թիւնը ճանչնան։

Գի­տես՝ Պոլ­սոյ մա­սին մար­դիկ վե­րապա­հումներ ու­նին, նա­խապա­շարումներ ու­նին, չեն ճանչնար պոլ­սա­հայու­թիւնը ընդհան­րա­պէս։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ըսի, ես պէտք է այնպի­սի աշ­խա­տու­թիւն մը տա­նիմ, որ մար­դիկ ճանչնան թէ այ­սօր Պո­լիսը ապ­րող օր­կան մըն է մեր հա­յու­թեան մեծ ծա­ռին մէջ։

Այնպէս չէ որ Պո­լիսը միայն ան­ցեալ է, կամ միայն յի­շատակ է, յի­շողու­թիւն է…։ Այլ Պո­լիսը այ­սօր ապ­րող շնչող մար­մին մըն է, իր հա­յու­թեամբ, իր կա­ռոյցնե­րով ու մար­դոցմով։ Արեւմտա­հայ տե­սակ մը կայ որ, միայն Պոլ­սոյ մէջ է։ Նաեւ ան­շուշտ այդ բո­լորի հետ միասին ես հա­րազա­տու­թիւն մը կը զգամ Պոլ­սոյ հան­դէպ։

Անոր հա­մար որո­շեցի այդ ուղղու­թեամբ տա­նիլ իրե­րը, ըն­թացքնե­րը եւ ինչպէս ըսի քիչ առաջ, քա­նի տա­սը տա­րուայ հա­տուա­ծը յատ­կանշա­կան էր։ Չեմ կրնար ըսել, որ Պո­լիսը ես լաւ կը ճանչնամ, բայց գէշ-աղէկ կը ճանչնամ պոլ­սա­հայու­թիւնը։ Որ­պէս լրագ­րող աշ­խա­տան­քիս բե­րու­մով, մա­նաւանդ գի­տէք՝ այս վեր­ջին հինգ տա­րին, Պո­լիսը օրա­կարգ դար­ձաւ պատ­րիաքի ընտրու­թեան ճա­նապար­հով։ Հայստա­նի մէջ մար­դիկ յա­ճախ կը հարցնեն «Դուք Պոլ­սա­հա՞յ էք» ըսե­լով։ Ո՛չ, կ՚ըսեմ, ես Պոլսահայ չեմ։ Բայց Պո­լիսը եւ Պէյ­րութը իրար ամ­բողջաց­նող քա­ղաք­ներ են։ Այստեղ ու­րիշ տե­սակի հա­րազա­տու­թիւն մը կը զգամ, քան ինչ որ կը զգամ Երե­ւանի մէջ, կամ ու­րիշ տեղ ուր որ հայ­կա­կան կեանք կայ։

Այս էր գլխա­ւոր նպա­տակը Պո­լիս գա­լուս։ Տես­նենք հի­մա պի­տի յա­ջողի՞մ, դժո­ւար է պա­տաս­խա­նը։ Պոլ­սա­հայ կեան­քը բազ­մա­զան է ու բազ­մա­շերտ։ Շատ հու­ներ կան, շատ խնդիր­ներ կան, շատ պա­տու­հաններ…։ Ես պի­տի փոր­ձեմ սկիզբ մը դնել։ Որով­հե­տեւ մա­նաւանդ սփիւռքի մէջ զգա­ցած եմ որ Պոլ­սոյ հան­դէպ տար­բեր վե­րաբեր­մունք մը կայ։ Մար­դիկ չեն գի­տեր եւ առա­ւել եւս ճիգ ալ չեն վատ­ներ ճանչնա­լու հա­մար։ Պո­լիսը միայն Սա­հակ Պատ­րիար­քը չէ, կամ Մես­րոպ Պատ­րիար­քը չէր։ Ին­ծի հա­մար այս քա­ղաքը բնորոշո­ղը հայ մարդն է, ներ­կա­յիս Թուրքիոյ մէջ ապ­րող հայ մար­դը։

Լ.Ք.- Իսկ դուք Թուրքիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րը շրջա՞ծ էք։

Ս.Ա.-Աշ­խա­տան­քա­յին պատ­ճառնե­րով եղած եմ Ան­գա­րա։ Այնտեղ երեք հայ երես­փո­խան­նե­րու հետ հար­ցազրոյց կա­տարած եմ։ Շատ կարճ այ­ցե­լու­թիւն մըն էր։ Բա­ւական տար­բեր են եր­կու քա­ղաք­նե­րը իրար­մէ։ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը շրջե­լու, եր­բեմնի հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րը տես­նե­լու մեծ փա­փաք ու­նիմ, բայց ցարդ չէ իրա­կանա­ցած։

Այս եր­կու տա­րինե­րուն մեր կեան­քը տակ­նուվրայ եկաւ։ Նախ Քո­վիտը, յե­տոյ պա­տերազ­մը մեր ուղղու­թիւննե­րը նոյ­նիսկ խառ­նե­ցին։

Եր­բեմն իմ ներ­քին ձայնս կ՚ըսէր. «Մենք հի­մա ի՞նչ հար­ցի մէջ ենք եւ դուն եկած ես Պո­լիս գիրք մը գրե­լու հա­մար»։ Ապ­սիւրտ է եթէ նա­յիս։ Բայց եթէ լրագ­րո­ղի ակ­նո­ցով դի­տես, պի­տի ըսես որ ճիշ­դը այդ է, ամէն մարդ իր գոր­ծով պի­տի զբա­ղի։ Վեր­ջա­պէս կեան­քը պի­տի շա­րու­նա­կուի։ Մենք չենք կրնար ֆութ սթօփ ընել եւ իմ ճիգս է որ մեր հա­յու­թիւնը նե­ցուկ ըլ­լա­լէն ան­դին նախ ճանչնայ իր տար­րե­րը։ Պո­լիսը միայն Հրանդ Տին­քի դա­տը չէ։ Պո­լիսը միայն ձեր ցա­ւը չէ։ Այստե­ղի կեանքն է, որ կայ։ Այ­սօր ես կը քա­լէի Պոլ­սոյ փո­ղոցին մէջ, շատ հա­ճելի անակնկալ մըն էր, երբ հան­դի­պեցայ մար­դու մը, որ ձեռ­քը հա­յերէն թերթ կը բռնէր։ Մօ­տեցայ եւ ներ­կա­յացայ ըսե­լով թէ այդ թեր­թի գրող­նե­րէն եմ։ Թրքե­րէնով պա­տաս­խա­նեց թէ ինք հա­յերէն չ՚ի­մանար եւ թեր­թը գնած է վար­պե­տին հա­մար։ Զո­ւարթ զրոյց մըն էր ին­ծի հա­մար, թուրքի հետ խօ­սելու եղա­նակ մը կամ թէ։ Առ­նո­ւազն կեան­քը տես­նել էր։ Եւ ես կը կա­րեւորեմ այս մէ­կը։

Լ.Ք.- Լի­բանա­նահայ մը ըլ­լա­լով հայ­րե­նադար­ձած էք Երե­ւան։ Ին­չո՞ւ Հա­յաս­տան գաղ­թե­ցիք, ուր մօտ ան­ցեալին պա­տերազմ ապ­րե­ցաք։ Իբ­րեւ լրագ­րող ի՞նչ զգա­ցումներ ու­նիք։

Ս.Ա.– 2012-ին Լի­բանա­նի մէջ ար­դէն տնտե­սական ճգնա­ժամը սկած էր աճիլ։ Ինչպէս շատ ու շատ ու­րիշներ, մենք ալ կը մտա­ծէինք գաղ­թե­լու մա­սին։ Մա­նաւանդ անոնք, նե­րառեալ ես, որ բախ­տը ու­նե­ցած ենք Հա­յաս­տա­նէն կին մը ու­նե­նալու, միշտ մեր միտ­քին ծայրն էր, լուռ հա­մաձայ­նութիւն մը կար, Անոյ­շը եւ ես միշտ իրա­րու կ՚ըսէինք որ. «Տեղ մը, օր մը պի­տի գայ եւ մենք պի­տի եր­թանք»։

Տա­սը տա­րի Լի­բանան ապ­րե­ցանք, եր­կու երա­խայ ու­նե­ցանք եւ կուշտ էինք այս քա­ղաքէն։ Ին­ծի հա­մար միշտ մեծ երազ էր, որ ես բա­ցի ան­կէ որ բա­նաս­տեղծու­թիւն գրեմ, նաեւ աս­պա­րէզս լրագ­րութիւն ըլ­լայ։ Քա­նի լրագ­րութեան դրամ շա­հելու կամ կեանք շա­հելու ձե­ւը, նաեւ Անոյ­շը այդ ոլոր­տէն կու գար եւ մենք ալ ըսինք որ «Եր­թանք»։ Եր­թանք, բայց ի՞նչ պի­տի ընենք։ Մեր շուրջին­նե­րը կ՚ըսէին. «Պի­տի եր­թաս հոն ի՞նչ պի­տի ընես»։ Գի­տէինք որ Հա­յաս­տա­նի մէջ տնտե­սական պայ­մաննե­րը փայ­լուն չէն եւ մին­չեւ հի­մա ալ փայ­լուն չեն։ Բայց գէշ-աղէկ կա­րողա­ցանք այդ տա­սը տա­րուայ մէջ շնոր­հիւ աշ­խա­տասի­րու­թեան եւ թեր­թե­րու թղթակ­ցիլ եւ հե­ռուստա­կայա­նէն պզտիկ երե­ւում մը ու­նե­նալ ու այսպէ­սով մեր կեան­քը վաս­տա­կիլ։ Ան­շուշտ պայ­մաննե­րը իտէալա­կան չեն, բայց ճիշդ էի այդ իմաս­տով որ Լի­բանա­նի մէջ իրա­վիճա­կը շատ աւե­լի վա­տացաւ։ Նոյ­նիսկ լսումներ կան որ այ­սօր Թուրքիայէն Լի­բանան դեղ կը ղրկեն։ Հե­տեւա­բար մենք ի՞նչ պի­տի ընէինք այդ վի­ճակ­նե­րու մէջ։ Ճիշդ է, մենք ան­հա­տական գործ ու­նէինք, բայց այդ գոր­ծե­րը այդքան փայ­լուն չէին։ Այ­սօր կը տես­նենք որ տնտե­սական տագ­նա­պը ոչ միայն կ՚աճի, այլ ցա­ւով կ՚ըսեմ մին­չեւ հի­մա Լի­բանա­նի հա­մար լաւ լու­ծումնե­րու հե­ռան­կար մը չ՚երե­ւիր։

Բայց այնտեղ արե­ւելք է եւ այնպէս տեղ մըն է որ արե­ւել­քը եւ արեւ­մուտքը կը հան­դի­պին իրա­րու, չես գի­տեր օրը ի՞նչ կը բե­րէ։ Իմ ծննդա­վայրս է, շատ սի­րելի տեղ է։ Ես դժո­ւար կտրո­ւեցայ։ Մին­չեւ հի­մա այդ կա­րօտը կայ։ Բայց կը կար­ծեմ որ ճիշդ քայլ ըրինք, ինչպէս վեր­ջին տա­րինե­րուն Սու­րիայէն, նոյնպէս ալ Լի­բանա­նէն հա­յեր հաս­տա­տուե­ցան Հա­յաս­տան։

Գա­լով պա­տերազ­մին, նախ ըսեմ որ պա­տերազ­մը պէտք չէր։ Մենք ամէն ինչ պէտք է ընէինք խու­սա­փելու հա­մար այս պա­տերազ­մէն։ Այն պատ­ճա­ռով որ Հա­յաս­տա­նի ոչ միայն այ­սօ­րուայ, այլ ընդհան­րա­պէս բո­լոր ղե­կավա­րու­թիւննե­րը ցա­ւալիօրէն չեն ճանչցած Հա­յաս­տա­նի կա­րողու­թիւննե­րու չա­փը։

Այ­սինքն այս տա­րած­քաշրջա­նին մէջ ըն­թա­ցող խա­ղերուն, քա­ղաքա­կան պայ­քարնե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նը ի՞նչ կշիռ ու­նի։ Քա­նի՞ քի­լօկ­րամ կը կշռէ այս մեծ կշիռ­քին մէջ։ Այդ կշիռ­քին մէկ նժա­րը եթէ ըսենք Ռու­սաստանն է, միւս նժա­րը Թուրքիան է։ Մենք կը խօ­սինք հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մա­սին, բայց չենք ըն­կա­լած։ Լուրջի չենք առած եւ անոր հա­մար ալ սխալ ձե­ւով գնաց ամէն ինչ։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը ան­կեղծ չէին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդին հետ, մեր հետ։ Ամէն օր կ՚ըսէին. «Մենք պի­տի յաղ­թենք, մենք պի­տի յաղ­թենք…»։ Երբ դուն ամէն օր զոհ կու տաս, կ՚արիւ­նա­հոսիս, կը փոր­ձես ճար մը գտնել։ Երբ որ քի­թը կ՚արիւ­նի մար­դուն, իր կօ­շիկով չի զբա­ղուիր։ Նախ կ՚ու­զէ քի­թի արիւ­նը կեց­նել, յե­տոյ կօ­շիկին կա­պը կը կա­պէ։ Մենք այդպէս չ՚ըրինք։ Ընդհա­կառա­կը աւե­լի հէյ­ճա­նի եկանք եւ մեր վար­չա­պետը կար­ծեց թէ ինչպէս ինքնա­շարժնե­րուն տա­կը պառ­կե­լով ցոյ­ցեր ղե­կավա­րեց եւ յա­ջողու­թեան հա­սաւ, պա­տերազմն ալ այնպէս պի­տի շա­հէր։ Ես կ՚ըսեմ, գիտ­նա­լով թէ ծանր է խօսքս, իշ­խա­նու­թիւննե­րը շատ աւե­լի կո­պիտ վա­րուե­ցան մեր երի­տասարդնե­րուն հետ, քան թշնա­մին։ Թշնա­մին գի­տես որ պի­տի կրա­կէ։ Եւ գի­տես թէ այնտեղ կրակ կայ, չես ու­զեր չէ՞ քու զա­ւակդ ղրկել այդ կրա­կին մէջ։ Գու­ցէ եւ բան մը պէտք կ՚ըլ­լայ մէկ հո­գին կը զո­հես, բայց ամէ­նը իրա­ւունք չ՚ու­նիս զո­հելու։ Թե­րեւս իրենք ալ շո­ւարած էին։ Եւ այդ ցա­ւը մին­չեւ հի­մա կը շա­րու­նա­կուի։ Իմ կինս Սիւ­նի­քէն կու գայ։ Իր գիւ­ղէն դա­սըն­կերներ կորսնցուց։ Մար­դիկ որ ես ճանչցած եմ։ Ես ալ նոյնպէս ըն­կերներ կորսնցու­ցի։ Առա­ւօտը երբ կ՚արթննա­յի, չէի ու­զեր որ հե­ռախօսս նա­յիմ, որով­հե­տեւ ամէն օր այ­սինչ տե­ղը կը ռմբա­կոծո­ւի, այ­սինչ տեղ մար­տեր կ՚ըն­դա­նանի նման լու­րե­րով լե­ցուն էր։ Չէի ու­զեր ան­կո­ղինէն դուրս գալ։ Այդքան ծանր հո­գեկանվի­ճակ մըն է, որ դեռ կը շա­րուան­կո­ւի։ Բայց նաեւ կեան­քը պի­տի շա­րու­նա­կուի։ Հե­տեւա­բար այս վի­ճակ­նե­րուն մէջ էինք պա­տերազ­մի ծանր օրե­րուն։

Լ.Ք.- Հի­մա քիչ մըն ալ լաւ բա­ներ խօ­սինք։ Դուք բա­նաս­տեղծ էք եւ բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու գիր­քեր ու­նիք։ Քա­նի՞ հատ են, եւ ո՞ւր տպո­ւած։

Ս.Ա.- Եր­կու գիրք ու­նիմ հրա­տարա­կուած, առա­ջինը «Տար­տամ Տո­ղեր» 1997-ին, Պէյ­րութ տպո­ւած է, եւ երկրոր­դը 2000 թո­ւակա­նին տպո­ւած է դար­ձեալ Պէյ­րութ, որու խո­րագիրն է՝ «Կա­նայի Հար­սա­նիք»։ Բա­նաս­տեղծու­թեան հան­դէպ ոչ թէ սէրս պակ­սե­ցաւ, այլ կեան­քի իրա­վիճա­կը ու­րիշ էր։ Այն ատեն ամէն վայրկեան ես կը սի­րէի բա­նաս­տեղծու­թեան հետ ըլ­լալ, բա­նաս­տեղծու­թիւն գրել, բա­նաս­տեղծու­թիւն կար­դալ, բա­նաս­տեղծու­թեամբ ապ­րիլ, բա­նաս­տեղծու­թեամբ սի­րել…։ Հի­մա փո­խուե­ցաւ եւ շատ մը պա­րագա­ներուն եղած է ան­շուշտ որ մար­դիկ 20-էն 25-ը շատ կա­տաղի գրա­մոլ ըլ­լա­լու չափ գրեն, յե­տոյ այսպէս ալիք­ներ կու գան ու կ՚եր­թան։ Ան­շուշտ կը սի­րեմ բա­նաս­տեղծու­թիւնը, բայց հի­մա լրագ­րութիւ­նը այդքան մէջս է, որ այդ բա­նաս­տեղծու­թիւնը երկրորդ ծրա­գիր եղած է։ Կը գրեմ յա­ճախ, ան­շուշտ աւե­լի ցան­ցառ։ Կը տպո­ւին ամ­սա­գիր­նե­րուն մէջ, որոնցմէ վեր­ջինն էր «Փա­թիլ»ը։

Հա­յաս­տա­նի մէջ ընդհան­րա­պէս արեւմտա­հայե­րէն բա­նաս­տեղծու­թեան հան­դէպ հե­տաքրքրու­թիւն մը չկայ։

Լ.Ք.- Ինչպէս որ հասկցանք, Պոլ­սոյ գա­ղու­թի մա­սին գիրք մը պատ­րաստե­լու նպա­տակ ու­նիք։ Սկա՞ծ էք գիր­քի հա­մար աշ­խա­տելու։

Ս.Ա.-Այո, ար­դէն մէկ շա­բաթ է, որ Պո­լիս եմ։ Ցա­ւօք շուտ պի­տի վե­րադառ­նամ։ Մօ­տաւո­րապէս 20 հար­ցազրոյց կրցայ ընել։ Շա­տերը գրա­ւոր պի­տի շա­րու­նա­կուին։ Այ­սինքն 25-էն 30 հար­ցազրոյց։

Գիր­քը պի­տի ըլ­լայ ներ­կա­յացուցչա­կան, այ­սինքն տար­բեր խա­ւերու ան­դամներ պի­տի ըլ­լան մէ­ջը։ Կրօ­նական, ազ­գա­յին, կրթա­կան, ըն­կե­րային, սո­վորա­կան պարզ մար­դոց հետ ալ խօ­սած եմ։ Կ՚ու­զեմ որ այդ գիր­քը հիմք ըլ­լայ, որ այ­սօ­րուայ Պոլ­սոյ կեան­քը ար­տա­ցոլաց­նէ։ Ի՞նչ են դժուարու­թիւննե­րը, ի՞նչ խնդիր­ներ ու­նի պոլ­սո­հայը, ի՞նչ ըսել է այ­սօր 2022-ին Թուրքիոյ մէջ որ­պէս հայ ապ­րիլ, ի՞նչ են հար­ցե­րը, որոնք ամէն օր կը բա­խին, կը զար­նո­ւին ձե­զի եւ ամե­նակա­րեւո­րը ինքնու­թիւնը։ Ձեր ինքնու­թիւնը որ իմ ալ ինքնու­թիւնն է։ Ին­չո՞ւ այս գիր­քը, որով­հե­տեւ ասի­կա 100 տա­րի ետք վե­րադարձ մըն է՝ ինչպէս այն ֆիլ­մը, որուն ես մաս­նա­կից եղայ, որ կը կո­չուի. «Կօ­շիկ­ներս Պո­լիս ձգե­ցի»։ Ատի­կա վե­րադարձ մըն էր գրո­ղի մը, որ 100 տա­րի ետք կու գայ եւ այն թրքե­րէնը որ ես կը խօ­սիմ ճամ­բան։ Շա­տեր կը զար­մա­նան, այսպէս կը նա­յին.«Դուն ո՞ւրկէ ես» կ՚ըսեն։ Ես կ՚ըսեմ գա­ւառէն եմ։ Բայց կար­ծես լե­զուս պա­հարա­նի մը մէջ մոռ­ցած էի, ինչպէս հա­գուստ մը որ պա­հարա­նի մը մէջ պա­հած էի եւ հի­մա եկայ եւ այդ հա­գուստը հա­գայ ու կը քա­լեմ ձեր մէջ։ Կը նա­յին թէ հա­գուստիս տե­սակը ու­րիշ է, տար­բեր է, բայց հա­րազատ է։ Այդ կապն է, այդ կա­մուրջն է եւ ինչպէս ըսի, կ՚ու­զեմ որ այս գա­ղու­թը սի­րենք։ Ասի­կա մեր վեր­ջին պա­տու­հանն է Թուրքիոյ վրայ բա­ցուած։ Եթէ մենք մեր գո­յու­թիւնը, մեր իմաս­տը այս տա­րած­քի վրայ պի­տի շա­րու­նա­կենք որ­պէս հա­յեր, նաեւ պի­տի հասկնանք որ այստեղ պատ­մութիւն մը կայ, որ չենք կրնար ջնջել։ Չենք կրնար մոռ­նալ եւ ամե­նակա­րեւո­րը այս բո­լորին մէջ մենք պի­տի գուրգու­րանք այս հա­մայնքին։ Պի­տի սի­րենք այս հա­մայնքը։ Որով­հե­տեւ մեր ան­ցեալն ալ կայ հոս։ Իսկ եթէ մենք այդ ան­ցեալը կ՚ու­զենք ապ­րեցնել, Այնթա­պի, Քի­լիսի, Պի­րէճի­կի, Ուրֆա­յի, Տիգ­րա­նակեր­տի, Պոլ­սոյ, Սկիւ­տա­րի մեր տու­նե­րու բա­նալի­ները պէտք չէ կորսնցնենք։ Այդ բա­նալի­ները պէտք է պա­հենք։ Այս օրի­նակը Ռո­պըրթ Ֆիս­քէն սոր­ված եմ։ Ան յօ­դուած մը գրած է պա­ղէս­տինցի­ներու մա­սին, որ մին­չեւ հի­մա բռնա­գաղ­թո­ւած են, դուրս դրո­ւած են, բայց իրենց մօտ կը պա­հեն եր­բեմնի տու­ներնուն բա­նալի­ները։ Մենք հա­յերս այս է որ պէտք է սոր­վինք։ Շատ դիւ­րին է Ամե­րիկա ապ­րիլ եւ Թուրքիան քննա­դատել, պոլ­սա­հայե­րը քննա­դատել եւ ամէն ինչ քննա­դատել։ Բայց մենք պար­տա­ւոր ենք պահ­պա­նելու։ Պար­տա­ւոր ենք կա­ռու­ցե­լու։ Մե­զի հա­մար Թուրքիոյ բնաջնջու­մը տե­սու­թիւն մը պի­տի չ՚ըլ­լայ։ Մենք ատի­կա պի­տի չ՚ու­զենք։ Պի­տի ու­զենք ապ­րիլ, գո­յատե­ւել եւ բար­գա­ւաճիլ՝ որ ամե­նակա­րեւորն է։

Լ.Ք.- Ու­սումնա­սիրա­կան այս առա­ջին գիր­քը միայն հա­յերէ՞ն պի­տի տպուի եւ ե՞րբ։

Ս.Ա.- Այո, միայն հա­յերէն պի­տի տպուի։ Ան կը պա­րու­նա­կէ հա­յերէն լե­զուով հար­ցազրոյցներ եւ նաեւ յօ­դուած­ներ։

Ամե­նաու­շը Սեպ­տեմբե­րին պէտք է լոյս տես­նէ։ Կը ծրագ­րեմ սոյն տա­րուայ Հոկ­տեմբեր ամ­սուն Պոլ­սոյ մէջ ըն­թերցող­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել հա­յելիի մը բնոյ­թով այս աշ­խա­տու­թիւնը։

Լ.Ք.- Դուք Լի­բանան ծնած էք։ Իսկ ձեր նախ­նի­ները Թուրքիոյ հետ կապ ու­նի՞ն։

Ս.Ա.- Այո։ Մայ­րի­կիս ըն­տա­նիքը Ատա­նայէն է։ Հայ­րի­կիս ըն­տա­նիքը Պի­րեճի­քէն։ Պի­րեճիք Ուրֆա­յի կող­քին պզտիկ գիւղ մըն է, ջրա­ռատ, շատ գե­ղեցիկ։ Չեմ եղած, բայց կ՚ու­զեմ ըլ­լալ։ Հայրս ծնած է Սու­րիոյ կող­մը, Ճե­րապ­լուս։ Մա­յիիկիս ըն­տա­նիքը, երբ Ատա­նայէն Պէյ­րութի նա­ւահան­գիստ եկած են, նախ իջե­ւանած են Զահ­լէ գիւ­ղա­քաղա­քը։ Մայրս հոն ծնած է։

Հօ­րենա­կան կող­մէ մեծ մայ­րիկս ճանչցած եմ։ Իմ թրքե­րէնի իմա­ցու­թիւնս իրեն կը պար­տիմ։ Թա­գու­հի նե­նէս շատ աշ­խա­տասէր կին մըն էր եւ թրքա­խօս էր։ Միշտ կ՚ու­զէր թոռ­նիկնե­րուն լաւ բան մը ընել, լաւ ճա­շեր եփել։ Հայրս եւ իր մայ­րը թրքե­րէն կը խօ­սէին իրենց մի­ջեւ։ Հայրս շատ լաւ թրքե­րէն կը խօ­սէր եւ բա­ցառիկ քրտե­րէն։ Ճե­րապ­լուսի մէջ իրենց հա­րեւան­նե­րը քրտեր եղած են եւ մեծ հայրս ձէ­թի առեւ­տուրի լաւ գործ ու­նե­ցած է։ Մայրս ալ թրքե­րէն գի­տէր, բայց քիչ մը Թա­գու­հի նե­նէէս տար­բեր էր։ Հայրս եւ մայրս մե­զի հետ միշտ հա­յերէն խօ­սած են։ Մեր տան մէջ բնաւ թրքե­րէն չէ հնչած։

Լ.Ք.-Վեր­ջին խօսք ըլ­լա­լով մե­զի ի՞նչ կրնաք ըսել։

Ս.Ա.-Մեր ճա­շերը, մեր երաժշտու­թիւնը… Այս բո­լորը մե­զի պատ­գամներ են։ Ինչպէս ըսի, եթէ մենք կ՚ու­զենք ապ­րիլ այս շրջա­նի մէջ, պի­տի հասկնանք թէ ո՞վ է մեր շուրջը։ Ճիշդ է որ մե­զի հան­դէպ մեղ­քեր գոր­ծո­ւած են, բայց ճամ­բայ մը պի­տի գտնենք։ Ինչպէս Հրանդ Տին­քը կ՚ըսէր, ջու­րը իր ճամ­բան կը գտնէ, մենք ալ ապ­րե­լու ճամ­բայ մը պի­տի գտնենք։ Այսքան տա­րի է որ Հայստանն եմ, նման ատե­լու­թիւն չէր եղած Թուրքիոյ հան­դէպ։ «Առանց թուրքի Հա­յաս­տան» կ՚ըսեն։ Կը հասկնամ, ծանր ժա­մանակ­ներ են, մենք վի­րաւոր ենք։ Բայց թուրքի հան­դէպ ատե­լու­թիւնը օգուտ մը չի տար, տեղ մը չի տա­նիր մեզ։ Ատե­լու­թիւնը նախ վնաս է մե­զի։ Ես չեմ ըսեր որ սի­րենք, սի­րաբա­նինք։ Բայց այս ատե­լու­թիւնը մե­զի վնաս է։ Մենք նաեւ ու­րիշ ձե­ւով, ու­րիշ տե­սան­կիւնէ պէտք է նա­յինք խնդիր­նե­րուն։

Լուսանկար՝ Իշխան Էրտինչ 

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/27227/bedk-e-bahyel-panalinyeri 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2022
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ