Գոց շուկայի մէջ Փաքեիւզ ընտանիքի յաջող ոդիսականը

«Անատոլու» գործակալութիւնը վերջին օրերուն դրուատիքով անդրադարձաւ Գոց շուկայի ոսկերիչ վարպետներէն 83-ամեայ Ստեփան Փաքեիւզի կեանքին ու գործունէութեան։ Վեթերան արհեստաւորը, որ իր հետ հասցուցած է նաեւ որդիները՝ Արտաշէս Էրոլ Փաքեիւզն ու Մուրատ Արէտ Փաքեիւզը, այժմ կը փափաքի, որ թոռներն ալ ժառանգեն նոյն ասպարէզը։

Ստեփան Փաքեիւզ նշած է, որ 1957 թուականէն ի վեր կ՚աշխատի՝ որպէս վարպետ եւ 18 տարեկանին խանութ բացած է շնորհիւ իր լուսահոգի հօր, որմէ աւանդած սարքերն ու գործիքները ցայսօր կը պահէ աշխատանոցին մէջ։

Հարցազրոյցի ընթացքին Ստեփան Փաքեիւզ նշած է, որ հայրը իրեն միշտ կը յորդորէր նախ եւ առաջ ըլլալ ազնիւ, յետոյ ալ միշտ ունենալ ինքնակատարելագործման ձգտում։

Ստեփան Փաքեիւզի որդիներն ալ հարցազրոյցի ընթացքին նշած են, որ հօր հետ արհեստակից ըլլալու առաւելութիւնները օգտագործած են, իսկ միւս կողմէ ընտանեկան գործ ընելը իրենց պարտադրած է, որ առաւել եւս ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլան։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/22-06-2022-գոց-շուկայի-մէջ-փաքեիւզ-ընտանիքի-յաջող-ոդիսականը?fbclid=IwAR0g4E3U3fMcEekbIAgKoCXmF4hwzTzBldxE0KeQa1LFCIVIaO_iDlbSt60 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2022
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ