«Մենք կողքիդ ենք». աջակցութիւն Կարօ Փայլանին՝ Թուրքիոյ մտաւորականներէն

Թուրքիոյ խումբ մը մտաւորականներ, ներառեալ՝ 47 լրագրող եւ իրաւաբան, տարածած են համատեղ յայտարարութիւն՝ աջակցութիւն յայտնելով Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Փայլանի հասցէին հնչող բոլոր սպառնալիքներն ու վիրաւորանքները մտաւորականները կը համարեն նաեւ իրենց հասցէագրուած։

Երբ Փայլանը խորհրդարանի մէջ ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ցեղասպանութիւն իրագործածներու անունները հանրային տարածքներէն հեռացնելու» մասին օրինագիծ, ատիկա պատճառ դարձաւ, որ ընդդիմադիր պատգամաւորը թիրախ դառնայ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան կողմէ:

Ազգայնական ուղղուածութեան «Լաւ» (İYİ Parti) կուսակցութեան առաջնորդ տիկին Մերալ Աքշեները Կարօ Փայլանը բնութագրած է իբրեւ իր չափը չճանչցող գործիչ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հրահանգած է դատական ​​համակարգին, որ Փայլանի՝ «սահմաններ չճանչցող, հակաիրաւական եւ բարոյազուրկ այդ քայլը» արժանանայ համապատասխան գնահատականի:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) խօսնակ Օմեր Չելիքն ալ յայտարարած է, որ Փայլանի դէմ «իրաւական գործընթաց» պիտի սկսին։

Յիշեցնելով ատելութեան խօսքի զոհ այլ հայ գործիչի մը՝ Հրանդ Տինքի ճակատագիրը՝ մտաւորականները նշած են, որ թրքական պետութիւնը եւ պաշտօնատար այրերը, ազգը ներկայացնող բոլոր քաղաքական գործիչները, իրաւապահ համակարգը, տեղական իշխանութիւնները պատասխանատու են Կարօ Փայլանի ապահով եւ անվտանգ կեանքին համար։

Yerakouyn.com  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2022
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ