Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումին յաջորդած ասուլիսի ընթացքին Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը ուրախ է լսելով Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ այն մասին, որ իրենք կը պատրաստուին եւ պատրաստ են կարգաւորել ու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ եւ բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:
«Միւս կողմէ` մենք կը տեսնենք մօտեցումներու տարբերութիւններ այն առումով, որ թէեւ Թուրքիան շարունակաբար կը յայտարարէ, որ կարգաւորման այս հոլովոյթը պէտք է տեղի ունենայ առանց որեւէ նախապայմանի, այնումենայնիւ, մենք պարբերաբար կապ կը տեսնենք Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթի եւ Հայաստան-Ազրպէյճան հոլովոյթներուն միջեւ: Կապ, որ Թուրքիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչները կը փորձեն գտնել, կամ կ՛ընդգծեն իւրաքանչիւր առիթով: Մենք չենք կարծեր, որ ասիկա կառուցողական է: Կան որոշակի տարբերութիւններ նաեւ այն առումով, որ մենք տարբեր պատկերացումներ ունինք կշռոյթի մասին: Այնումենայնիւ, կրկին կ՛ընդգծեմ, որ ողջունելի է լսել Թուրքիայէն յայտարարութիւններ այն մասին, որ իրենք կը պատրաստուին բանալու Հայաստանի հետ փակուած սահմնանը», ըսած է Միրզոյեան:
https://www.aztagdaily.com/archives/548735
Leave a Reply