Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը կարեւոր կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղը հասարակական տարբեր գիտութիւններու նիւթ դարձնելը

•

«Մենք կ՛ուզենք, որ միջազգային ընտանիքը իմանայ Ազրպէյճանի արդար պայքարին մասին, եւ կարեւոր է, որ ճիշդ տպաւորութիւն ստեղծուի ստոյգ տեղեկատուութեան հաշուոյն», Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Շենթոփ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի խորհրդարաններու կազմակերպած Հասարակական գիտութիւններու 7-րդ ընդհանուր ժողովի ժամանակ իր արտասանած խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը հասարակական գիտութիւններու տարբեր ճիւղերու ուսումնասիրութիւններու նիւթ դառնայ:

«Կը կարծենք, որ այս խորհրդաժողովը կարեւոր է միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը Ղարաբաղի վրայ հրաւիրելու համար», ըսած է ան:

Մուսթաֆա Շենթոփ, յիշելով Շուշի եւ Ֆիզուլի իր վերջին այցելութիւնը, դարձեալ հայերը մեղադրած է պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքները հիմնովին աւերելու յանցանքով:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման ճամբուն վրայ աջակցիլ եղբայրական Ազրպէյճանին:

https://www.aztagdaily.com/archives/548515 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2022
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ