Հրանդ Տինքի սպանութեան 15-րդ տարելիցին առիթով, անոր կեանքը եւ պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէսը կը սկսի իր ուղեւորութիւնը Պոլիսէն Երեւան։
«Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ 7 մայիսին եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ 30 յուլիս, Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին մէջ (ՆՓԱԿ)։
Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ակօս»-էն։
Ցուցահանդէսին կից ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին ամրան ամիսներուն։
«Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» ցուցահանդէսը կազմակերպելը կարելի դարձած է «Քրեստ» հիմնարկի եւ «Ուլոֆ Պալմէ» միջազգային կենդրոնին աջակցութեամբ։
Yerakouyn.com
Leave a Reply