Կարօ Փայլանի դէմ հաղորդում ներկայացուած է թրքական դատախազութիւն

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծի թեմային շուրջ աղմուկը չի կանգնիր Թուրքիոյ մէջ: Փայլանի այդ քայլը խիստ դատապարտող յայտարարութիւններուն զուգահեռ կը նշմարուին նաեւ որոշ իրաւական գործընթացներ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Cumhuriyet-ը։

Նախօրէին Քատիր Քարթալ անունով թուրք փաստաբան մը դատախազութեան Փայլանի դէմ «հաղորդում ներկայացուցած է յանցագործութեան մասին»: Հաղորդման մէջ կը պահանջուի Փայլանը զրկել պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ եւ անոր դէմ դատական գործընթաց սկսիլ խորհրդարանի «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու ցեղասպանութեան մեղաւորներու անունները հանրային կառոյցներու եւ փողոցներու վրայէն հանելու մասին» անուանումով օրինագիծ ներկայացնելու համար:

Ըստ թուրք փաստաբանի «հիմնաւորման»՝ հայ պատգամաւորը, ցեղասպանութիւն բառը կիրառելով եւ օրինագիծ ներակայացնելով, ժողովուրդը բացայայտ ատելութեան ու թշնամութեան դրդած է (Թուրքիոյ քր. օրէնսգրքի 266 յօդուած):

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2022
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ