«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նՆուիրուած «Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ձեռնարկը

Ապրիլ 24-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ամէնամեայ ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ձեռնարկին Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սամուէլ Բաղինեան կարդաց Սիամանթոյի ստեղծագործութիւնները, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ «Փարոս» սենեկային երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Րաֆֆի Միքայէլեանի, խմբավարութեամբ Ռուբէն Կարասեֆերեանի, «Նուպար» հայ աւանդական երգի-պարի խումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լուսինէ Նազարեանի, «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի երաժիշտները` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Յովիկ Սահակեանի, «Նարեկացի» նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Արտեմ Խաչատուրի:

«Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ամէնամեայ ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մանրանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Անի Գէորգեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Աննա Վանեսեանի, Ինեսսա Պօղոսեանի աշխատանքները, իսկ մանրանկարները պիտի ցուցադրուին մինչեւ ապրիլ 29-ը:

2003-էն ի վեր ամէն տարուան ապրիլ 24-ին «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը իր արուեստագէտ բարեկամներուն հետ կը նշէ յիշատակի եւ ոգեկոչման համահայկական օրը` կոչ ուղղելով աշխարհին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եւ ճանաչելու միջոցով այլեւս թոյլ  չտալ նոր ցեղասպանութիւններու կրկնութեան:

https://www.aztagdaily.com/archives/544618 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2022
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ