ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Aztagdaily.com- Ես Ակնի Ապուչեղ գիւղը կ’ուզեմ երթալ: Մեծ-մեծ հայրերուս ծննդավայրը. հոն ուր ապրեր են մեր ընտանիքի տասնմէկ տէր հայրերը. հոն ուր Խնդիր անունով նախնի մը ախոռը կրակի տուած է. որքա՜ն, որքա՜ն կ’ուզէի հանդիպիլ իրեն եւ հարցնել.,ի՞նչ էր խնդիրդ,ա՛յ Խնդիր պապիե: Կը զգամ, գիտե՛մ, որ շա՜տ հետաքրքրական բաներ պիտի պատմէր ինծի իր ծնողներուն, անոնց ծնողներուն, անոնց պապերուն մասին:
Ակնը միշտ սիրած եմ, առանց տեսած ըլլալու. առանց ապրած ըլլալու հոն՝ գիտե՛մ, որ իմս է: Աննիւթական, բայց իրաւական. իտէալական, բայց ճշմարիտ վայրս իմ:
Երբ տասներեք տարեկանիս Մեծարենց սկսայ կարդալ, առաջին բանը որ ուշադրութիւնս գրաւեց, անոր Ակն ծնած ըլլալը եղաւ: ,Ակնեը, գրուած էր դասագիրքիս մէջ, ,աղբիւրներով, կանաչութեամբ հարուստ, շա՛տ գեղեցիկ վայր մըն էրե: Դասագիրքին հեղինակը կ’աւելցնէր, որ բնութեան գեղեցկութիւնը բնականաբար ազդած էր երիտասարդ բանաստեղծին վրայ եւ դարձած՝ ներշնչման աղբիւր:
Անկէ ի վեր սիրահարուած եմ Ակնին:
Քանի մը տարի առաջ եղբօրս տղան գնաց նախնիներուն ծննդավայրը տեսնելու: Ղրկած նկարներուն մէջ գիւղական նեղ արահետներ կային, զառիվերներ. փայտաշէն ու քարաշէն տուներ. նկատած էի, որ տուներուն մեծ մասը մետաղեայ պատերով պատսպարուած էր. արդեօք ձմռան բուք ու բորանէն պաշտպանելո՞ւ համար: Կային մանշակագոյն, նարնջագոյն եւ կարմիր ներկուած տանիքներ. իմ պապերուս ատե՞ն ալ գունաւոր եղած էին անոնք. չեմ կարծեր: Ծառերէն երկարող տերեւաւոր ճիւղեր կը զարդարէին անուշիկ տնակներուն պատերը: Պաստառին դիմաց նստած նկարիչի մը արագ-արագ շարժող վրձինէն դուրս պիտի գար մոխրագոյնի, սրճագոյնի եւ կանաչի խառնուրդ մը, հեռուն՝ կաս-կապոյտ ջուրի տարածութեան մը նշումով:
Հրակը նկարուած էր երկյարկանի փայտէ տնակի մը առջեւ եւ գրած՝ ,հրաշալի տեղ է. Եփրատը վերէն հսկող…ո՛վ գիտէ՝ մեծ-մեծ հօրս տան առջեւը կեցած եմե:
Հիմա այդ տունը հօրենական տունս կը համարեմ:
Պատմական Հայաստանի մաս կազմող, Եփրատ գետի արեւմտեան ափին վրայ ծուարած մեր գիւղն է Ապուչեղը. հոն կը խօսէին ակնայ բարբառը. ,մահե ըսելու փոխարէն՝, մայհե կ’ըսէին, ,շահեի տեղ՝ ,շայհե. ,մայրեը ,մարե կը հնչուէր, իսկ ,հայրըե՝ ,հարե: Եթէ ցեղասպանութիւնը եղած չըլլար՝ Ակնը պարպուած չէր ըլլար…եթէ տեղահանութիւն եղած չըլլար՝ ես տակաւին հոն կ’ըլլայի ու շա՜տ գոյհ կ’ըլլայի որպէս մար…եթէ ,Ի՞շ կայ չի կայե հարցնէի զաւակներուս, անոնք թերեւս ,լո՛ւս կայ, մա՛րե պատասխանէին ինծի…
Եթէ տակաւին հոն ըլլայինք, Ակնայ հարսանեկան երգերէն մէկը կը հնչեցնէինք աղջիկներուս եւ տղուս հարսանիքներուն…Այն իմ հարըստի դըստրիկ, ծոցդ էգի, ծառդ արմաւենի.
Արմաւն քու ծառդ կու լընի, պիւլպիւլը քու ճեղդ կու թառի.
Կամ՝
Ըմէնդ ի վըրայ եկէք, թագւորին կապան կարեցէք.
Լուսընկան աստառ երէք, արեգակն երես ձեւեցէք.
Բայց ափսո՜ս որ կ‘երազեմ…
Աչքերս կը գոցեմ ու կ’երեւակայեմ ամէնօրեայ կեանքը գիւղիս:
Leave a Reply