Պոլսոյ մէջ յարգանքի տուրք մատուցուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ հայ մտաւորականներու յիշատակին

Պոլսոյ հայաշատ Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ, որ ցեղասպանութեան տարիներուն կը կրէր Թաթաւլա անունը, յարգանքի տուրք մատուցուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ նահատակուած հայ մտաւորականներու յիշատակին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sendika.org-ը։

107 տարի առաջ՝ Ապրիլ 24-էն քանի մը օր առաջ, նոյն այս թաղամասին մէջ սկսաւ հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւնը:

Յարգանքի տուրք մատուցուած է նաեւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքին եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ պարտադիր ծառայութեան ժամանակ 2011թ. Ապրիլ 24-ին սպաննուած Սեւակ Պալըքչըին:

Ձեռնարկին մասնակցած է Թուրքիոյ քրտամէտ, ընդդիմադիր Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: Մասնակիցները կոչ ըրած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առերեսուելու իրականութեան հետ եւ քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ:

«Այլեւս չենք ուզեր, որ այս հողերը տեսնեն Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ փաշաներ, Պեհաետտին Շաքիրներ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Կ՝ուզենք, որ  այս հողերը բոլոր ժողովուրդներու եւ հաւատքներու համար շարունակեն ըլլալ հայրենիք մը, որ պիտի ունենայ Զապէլ Եսայեանի, Կոմիտասի, Մկրտիչ Մարկոսեանի, Հրանդ Տինքի, Սարգիս Սերոբեանի, Ահմեթ Քայայի, Եաշար Քեմալի, Թահիր Էլչիի եղբայրական ոգին»,- նշած են ձեռնարկի մասնակիցները:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2022
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ