Լոս Անճելըս գաւառը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակեց

Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ երեքշաբթի, 19 ապրիլին գումարած իր նիստին ընթացքին, խորհուրդը դարձեալ որոշեց Ապրիլ 24ը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակել՝ «նշելու համար մարդկային պատմութեան ամէնէն մութ օրերէն մէկը»։ Այս մասին «ԵՌԱԳՈՅՆ»-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Իր կարգին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Հիլտա Սոլիս յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը իւրայատուկ օր մըն է ամբողջ Լոս Անճելըսի հայութեան համար՝ աւելցնելով, որ երկար տարիներ Մոնթեպելլոյի հայութեան սպասարկելէ ետք, ուրախ է, որ իր ընտրատարածաքին ընդարձակումով առիթը կ՛ունանայ սպասարկելու նաեւ Փոքրիկ Հայաստանի հայութեան։

Նշենք, ու աւելի կանուխ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակած էր։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2022
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ