«Ցեղասպանութեան կրթութիւնը 21-րդ դարաշրջանին առաջնորդրուելով ապագայ Սսերունդը` Պոսթընէն Պուրունտի նիւթով ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Մասաչուսեցի Հայ դատի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Պոսթընի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, 10 ապրիլին Ուաթըրթաունի Հայ կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին: Օրուան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան կրթութիւնը 21-րդ դարաշրջանին, առաջնորդելով ապագայ սերունդը` Պոսթընէն Պուրունտի»:

Օրուան հանդիսավար Անի Զարգարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 10 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ օրուան բանախօս «Աւրորա»-ի (2016) եւ Միացեալ ազգերու «Նանսեն» (2005) մրցանակակիր Մարկըրիթ Պարանքիցէի (Պուրունտի) անձնական եւ հետեւողական ջանքերով հիմնած «Maison Shalom» բարեգործական հիմնարկը: Այս կեդրոնին պարտականութիւնն էր խնամել եւ դաստիարակել փոքր տարիքէն չարաչար շահագործուած եւ ստիպողաբար ռազմաճակատ տարուած պատանիներ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Մարկըրիթ Պարանքիցէ, որ վերապրած է իր երկրի ներքին քաղաքացիական պատերազմը: Ան սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ` նկարագրելով, թէ որքա՛ն զարհուրելի է ատելութիւնը` կոչ ուղղելով ամէն գնով դէմ կենալ որեւէ պատերազմի, որպէսզի կտրուկ կերպով վերջ դրուի ծայրայեղութիւններուն, ատելութիւններուն եւ ցեղասպանութեանց:

Օրուան զեկուցողներ` դոկտ. Լեռնա Էքմեքչիօղլու (Պոլիս ծնած, պատմութեան դասախօս` Պոսթընի MIT համալսարանէն ներս), Էրիք Քոհեն (ցեղասպանութեանց դէմ պայքարող անձ մը, որ յատկապէս հարաւային Սուտանի մէջ պատահած ջարդերուն գծով աշխատանք տարած է), Հերման Բրուտեան («Արմինիըն Ասեմպլի»-ի գործօն անձերէն, որ շարունակ գործած է ի նպաստ Ցեղասպանութեան ճանաչման) եւ դոկտ. Տիգրան Խալիկեան (Արեւելեան Մասաչուսեցի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար եւ ցեղասպանութեան մասին մասնագէտ դասախօս) անդրադարձան, թէ ինչպէս կարելի եղած է տարիներ շարունակ աշխատիլ եւ քաղաքական բեմի վրայ համոզել ղեկավարներ, որպէսզի կարելի ըլլայ յատուկ ցեղասպանութեանց մասին դասընթացք ներկայացնել, առաջին հերթին Մասաչուսեցի եւ ապա` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կրթօճախներէն ներս:

https://www.aztagdaily.com/archives/544181 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2022
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ