Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կ՝աշխատի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցման համար 10 միլիոն տոլար ապահովելու ուղղութեամբ։ Օրինագիծը նախ՝ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ պիտի քուէարկուի Ապրիլ 24-ին ընդառաջ։ Ընդունուելու պարագային գումարը պիտի հատկացուի Քոնկրեսի գրադարանին՝ յառաջիկայ 5 տարին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան, դասերու, հանգամանքներու եւ անոր ներկայ դրսեւորումներուն վերաբերեալ կրթական ծրագրեր իրականացնելու համար։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի քարտուղար Ելիզապէթ Չուլճեան Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ օրինագիծի ընդունումէն ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի դասաւանդուի դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ կրթական այլ կեդրոններու մէջ։
Ըստ Չուլճեանի՝ Ցեղասպանութեան հանգամանքերու ուսուցումը ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն ետք կարեւոր հանգրուան է։
Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, անոր խօսքով, կրնայ ներառուիլ, օրինակ, 7-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքին կամ գրականութեան դասագիրքին մէջ եւ այլն։
Leave a Reply