Թուրքիոյ կառավարութեան այսօրուան նիստին պիտի քննարկուի նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը

Թուրքիոյ կառավարութեան 12 ապրիլին տեղի ունենալիք նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի շուրջ քննարկումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հիւրրիեթ»-ը:

Տեղեկութեան համաձայն, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տեղի ունեցող գործողութիւնները պիտի ըլլան նիստի առաջնահերթ նիւթերէն, ինչպէս եղած է վերջին քանի մը նիստերուն ընթացքին: Պիտի գնահատուին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարները մէկ սեղանի շուրջ բերելու եւ մնայուն զինադադարի հասնելու համար Թուրքիոյ դիւանագիտական ջանքերը:

Կառավարութեան օրակարգին վրայ պիտի ըլլան նաեւ արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային այլ հարցեր: Պիտի գնահատուին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը, ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու հետ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերը, Սուրիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:

Թուրքիոյ ներքին կեանքի վերաբերող առաջնահերթ նիւթերէն պիտի ըլլան տնտեսութեան վերաբերող հարցերը: Պիտի քննարկուին բարձր սղաճին դէմ ձեռնարկուելիք քայլերը:

Միւս կողմէ, թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛արտաքսեն իւրաքանչիւր սուրիացի, որ չունի անձը հաստատող փաստաթուղթ կամ չի կրնար երկարաձգել փաստաթուղթի վաւերականութեան ժամկէտը:

Պապ Հաուա սահմանային անցակէտի վիճակագրութեան համաձայն, մարտ ամսուան ընթացքին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հիմնականին մէջ Իտլիպ արտաքսուած է 1321 սուրիացի գաղթական: Մարտին աւելի քան 100 սուրիացի արտաքսուած է Հալէպի շրջան:

Aztagdaily.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2022
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ