Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով բանաձև ընդունեց

Ապրիլ 6-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդը բանաձեւ ընդունեց, վերահաստատելով Լաւալի քաղաքապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դիրքորոշումը։

Լաւալի քաղաքապետ Սթեֆան Պոյերի նախագահութեամբ ընթացող նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեան, որ իր ելոյթի ընթացքին յիշեց, որ Լաւալի քաղաքապետութիւնը Ապրիլ 7, 2015-ին պաշտօնապէս ճանչնցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2020 թուականի Նոյեմբեր 4-ին կայացած քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է յատուկ բանաձեւ, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ խորհուրդի անդամ Ակլիա Ռեվելաքիս, որ շեշտեց քաղաքապետութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կարեւորութիւնը։

Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեանի ելոյթը՝ տեսանիւթով.

 Horizonweekly.ca 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2022
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ