ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի բարբառին մէջ մեծ հայր հասկացողութիւնը կը թարգմանուի «պապուկ» բառով: Գուցէ տարածաշրջանի բարբառներուն մէջ ալ կը գործածուի: Սակայն այս օրերուն ականջալուր կ՛ըլլանք «տէտէ» բառին, որ պապուկին հոմանիշն է, «ալա մոտա» պապուկ:
Քեսապահայութեան թուային պատկերը անցնող 20-րդ դարուն ունեցած է մեծ տատանում ու բեկում:
Տրամադրութեանս տակ չկայ յետ 1909-ի Ատանայի կոտորածին իբրեւ հետեւանք քեսապահայութեան թուային պատկերին նուազումը:
Նշենք, որ այն ատեն Քեսապը թալանուեցաւ, հրկիզուեցաւ ու տուաւ 164 զոհ: Ժողովուրդը այդ չարաբաստիկ թուականը կը կոչէ «Թալանտէն»:
Հաւանաբար խումբ մը երիտասարդներ պանդխտութեան գացած են` հասնելով մինչեւ հեռաւոր ամերիկաները, եւ անոնցմէ կարեւոր թիւ մը, Մեծ եղեռնէն ետք, միանալով ամերիկեան, անգլիական թէ ֆրանսական բանակներուն` իբրեւ կամաւորներ, վերադարձած են Քեսապ, ուր անոնց ներկայութիւնը փրկարար դերակատարութիւն ունեցած է 1918-1921 անիշխանական ժամանակաշրջանին, որպէս Քեսապի ազգային միութեան պաշտպան մարտիկներ:
Մեծ եղեռնի նախօրէին քեսապահայութեան թիւը կը գերազանցէր 7 հազարը, որուն հինգ հազարը զոհ գնաց այդ ցեղասպանութեան, եւ հազիւ 2500-ը վերադարձաւ:
Բ. Աշխարհամարտին, նախքան դէպի Հայաստան ներգաղթը, Քեսապի բնակչութեան թիւը դարձեալ կը հասնի եօթը հազարի:
Սակայն ներգաղթը, ապա Սուրիոյ անկախութեան առաջին քսանամեակի քաղաքական անկայունութիւնը եւ տնտեսական տագնապը կրկին նուազում պատճառեցին Քեսապի թուային պատկերին, եւ այդ ժամանակէն ցայսօր անոր հայ բնակչութեան թիւը չկրցաւ գերազանցել 3 հազարը` հակառակ 1970-էն ետք Սուրիոյ մէջ արձանագրուած տնտեսական համեմատական վերելքին: Գուցէ 1973-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմն ու երկարատեւ զինուորագրութեան երեւոյթը եւս պատճառ դարձան, որ արտագաղթը կանգ չառնէ:
Սուրիոյ անցնող տասնամեակի տագնապին, երբ 21 մարտ 2014-ին Քեսապ երեք ամիսներ բռնագրաւուած մնաց ահաբեկիչ թրքամէտ խմբակներուն կողմէ, պատճառ դարձաւ, որ մօտ 300 քեսապցիներ, մանաւանդ` երիտասարդներ, լքեն Քեսապը` այնտեղ ձգելով մօտ հազար համագիւղացիներ:
Այսօր Քեսապի պատկերը, հայութեան իմաստով այնքան ալ փայլուն չի համարուիր:
Ափսոս է նաեւ, որ մեր պապուկներուն մեծագոյն մասը Քեսապէն առյաւէտ մեկնած է:
Մեր թաղը` Քեսապի հարաւարեւմտեան կողմը շէն էր: Այսօր այդպէս չէ: Թաղին բնակիչներուն թիւը հազիւ կը գերազանցէ 10-ը, որոնցմէ 5-ը հայեր (կինս ու նուաստս ներառեալ):
Պապուկներու մասին խօսելու, պատմելու համար կը սկսիմ մեր տունէն:
Կարապետ հօրենական պապուկս ծանօթ էր Կէրպօ խոճա անունով: Նախքան Մեծ եղեռնը` յաճախած է Այնթապի քոլեճը եւ կարճ ժամանակ զբաղած է իր ծննդավայր Գարատուրանի վարժարաններուն մէջ ուսուցչութեամբ ու վաստկած «խոճա» մակդիրը:
Մեծ եղեռնի տեղահանութեան ատեն իր նահապետական մեծաթիւ գերդաստանին հետ աքսորուած է դէպի Սուրիոյ հարաւը (ոմանք հասած են Յորդանան, Ամման, Սալդ…), սակայն ինք յաջողած է սպրդիլ կարաւանէն ու ապաստանած` Ճըսըր Շուղուրի Պեքիր ընտանիքին մօտ: Ան եղած է առաջիններէն, որ հետախուզական նպատակներով գործուղուած է Քեսապ:
Անոր մասին պատմած են, որ նախքան տեղահանութիւն, իր գաղափարական ընկերոջ` Փոլ Չիւրիքեանին հետ գացած են Հաճըն ու Մերսինի ծովային ճամբով յաջողած են մակոյկով մը հրացաններ բերել Քեսապ:
Համեստ, լուռ ու մունջ, բծախնդիր ու մաքուր հայ, դաշնակցական, բարոյական մեծ ժառանգութիւն ձգած է հօրս ու հօրեղբօրս, որոնք իրենց կարգին ծառաները դարձան հայութեան:
Երկրորդ` մօրենական պապուկս` Ժոզեֆ Պասմաճեանը նոյնպէս Մեծ եղեռնէն մազապուրծ ազատած է Տէր Զօրի անապատներէն, ապա «վայելած»` Ուրֆայի ու Անթիլիասի որբանոցներուն խնամքը, յաճախած Իսկենտերունի (Ալեքսանտրեթ) ֆրանսական վարժարանները ու համանուն նահանգին Սուրիայէն պոկուելէն ետք եկած է հաստատուելու Քեսապ` դառնալով Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանի 40 տարիներ ծառայած ուսուցիչ-տնօրէնը:
Ան 1961-ին ձերբակալուեցաւ իր գաղափարի ընկերներուն հետ, Կամալ Ապտել Նասերի վարչակարգի օրերուն:
Ան` որպէս տնօրէն վերոյիշեալ վարժարանին, այդ ասպարէզին վրայ գործելով փակեց իր աչքերը:
Մեր տան կից կը բնակէր իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը` պապուկ մը: Սերոբ Մկրտիչեան ծանօթ էր «Պապի» ծածկանունով:
Ան քեսապցիներուն թէ օտարներուն համար հանրածանօթ էր քանի մը պատճառներով:
Նախ` անոր աննման արտաքինը` կիլիկեան սեւ շալվարով, ու մէջքին քանի մը անգամ ոլորուած-փաթթուած ճերմակ ու դեղնաւուն երանգի շալ-գօտիով:
Անոր երկրորդ յիշատակելի կողմը այն է, որ ան ֆրանսական հոգատարութեան օրերէն մինչեւ 1970-ական թուականներու կէսը` իր մահը, մնաց Քեսապի երեք թաղապետներէն մին: Ուստի օտարներուն համար աւելի ծանօթ էր «Մուխթար Սերոբ» անունով:
Սակայն անոր գլխաւոր եւ ամենակարեւոր յատկանիշը անոր աչքի զօրութիւնն էր` ժառանգած իր հօրմէն, զոր տեսնելու բախտը չեմ ունեցած. ան արդէն մահացած էր:
Քեսապցիք կ՛ըսէին` «աչք կը դպցնէր»:
Անոր «աչք դպցնելու» դրուագները բազմաթիւ են:
Այսպէս, կը պատմեն, որ ինք եւ իր հօրեղբօրորդին` ատամնաբուժ Նեճիպը (անոր Ամերիկա արտագաղթելէն առաջ), երբ կը ճեմէին Քեսապի Ժողովրդային տան բակը (Դաշնակցութեան ակումբը, «Գրադարանը կամ «Գըրադխանան»), ակումբի ետեւի կողմը գտնուող լերան կողին կը նկատեն հորթերու նախիր մը: Պապի պապուկը հարց կու տայ Նեճիպին (ան ալ «զօրաւոր աչք» ունէր).
– Հորթի միս կ՛ուտե՞ս, Նեճի՛պ:
Ու ակնարկը վեր կը բարձրացնէ դէպի նախիրը: Ականատեսներ կը պատմէին, որ հորթերէն մին գլտորելով վար կու գայ, մինչեւ ակումբի ետեւի ճամբան:
Դրուագ մըն ալ ինծի հետ պատահած է:
Կարապետ մեծ հայրս, հիւանդ ըլլալով, անոր անլի հաց կ՛ապսպրէինք փուռէն: Ու երբ հացերը շարած ցորենի ծղօտէ շինուած ափսէին վրայ մեր ու Պապի պապուկին տուներուն միջեւ գտնուող անցքը մտայ, ան, որ իրենց բակը կը ճեմէր, բացագանչեց.
– Այդ ի՞նչ է, Կէրպօ՛ (Կարոյին քաղաքական որակումը` քեսապերէն),- յանկարծ տապալեցայ ու գետին փռուեցայ, չորս բոլորս հացի բաղարջներն ու ծղօտէ ափսէն («սընտախպիկ»` քեսապերէն):
Հայեացքս բարձրացուցի ու նկատեցի Պապի պապուկը իրենց տան աստիճաններէն զոյգ-զոյգ կը բարձրանայ:
Տուն մտնելով, ան կնոջ` Մէրիկ (Մարի) նանարին (մեծ մայրիկ` քեսապերէն) կ՛ըսէ.
– Կարծեմ աչք դպցուցի տղուն, ան գետին փռուեցաւ. գնա՛ ստուգէ տեղ մը կոտրուած ու վնասուած չըլլայ:
Ծունկերս արիւնած էին… միայն:
Այսօր այդ իւրայատուկ, բարի պապուկը` Պապի մուխթարը (ու իր յաջորդները) չկան, ափսո՜ս:
Երկրորդ դրացին ատաղձագործ Յովհաննէսն էր` «տոսթըմ» (բարեկամ) Յովհաննէսը:
Թէ այդ կարճ մարդուն ինչո՞ւ «տոսթըմ» մակդիրը կպցուցած էին քեսապցիք, ցայսօր կ՛անգիտանամ (քեսապցիներէն ո՞վ մակդիր չունէր):
Բարեսիրտ, սակայն չափազանց ջղային անձ մըն էր մեր դրացի «տոսթըմը»: Անոր պատկերը երբ կը վերյիշեմ, զայն կը տեսնեմ իր հասակին չափ երկար, բերնէն լիցքաւորուող «տոլմա» հրացանով միասին:
Թռչուններու որսի մոլի սիրահար մըն էր ան:
Ան իր ջղային ու բարկացկոտ բնաւորութեան պատճառով քանի՜ քանի՛ անգամ ջարդած էր իր հրացանին տախտակէ բռնակոթը: Եւ պատճառը միշտ նոյնն էր: Հրացանը` նախնական օրինակ մը, երկու հանգրուանով կը պայթէր: Սակայն երկու պայթումներուն միջեւ ժամանակը եթէ տեւէր մէկ ակնթարթ, թռչունը անպայման թռած կ՛ըլլար, ինչ որ մեր «տոսթըմ»-ին բարկութեան աստիճանը կը բարձրացնէր ու քաւութեան նոխազը` զոհը կ՛ըլլար հրացանին տախտակէ յետնամասը:
Ան միայն հրացանի փայտեայ բռնակոթերը չէր, որ կը շինէր, այլ նաեւ` դուռեր, պատուհաններ, ալիւրի ու հացահատիկի տախտակէ ամբարներ ու … դագաղներ:
Մեր երրորդ դրացի պապուկը Սարգիս պապուկն էր:
Ան ալ մակդիր ունէր… «սինիոր», որովհետեւ երիտասարդ տարիքին ան պանդխտած էր Հարաւային Ամերիկա (Արժանթի՞ն, թէ՞ Պրազիլ): Ու վերադարձած Քեսապ` ուսին շալկած… լուսանկարչական մեքենայ մը. այլ խօսքով, ան լուսանկարչութեամբ կը զբաղէր իր նպարավաճառի փոքր խանութին քով, ելեկտրական լուսաւորութեան ձողին տակ:
Բնութեան մէջ նկարահանութեան բնական «սթիւտիօ»:
Ան յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է իր բարձր հասակով, գլխուն հագին ամերիկեան սեւ գլխարկը, որուն վրայ կը պսպսային կարմիր եւ դեղին երկու փետուրներ:
Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` իր շիտակ ու ուղիղ ուսերը ոչ մէկ կուզութիւն ունէին:
Մեր բակէն կ՛անցնէր շատ հանդարտ քայլերով, աջ ու ձախ բարեւներ բաժնելով:
Աստուած այդ պապուկին պարգեւեց 107 տարիներ, եւ ան իր հոգին աւանդեց Ամերիկայի մէջ` շրջապատուած իր զաւակներով ու սիրելիներով:
Եւ ահաւասիկ` մեր չորրորդ դրացի պապուկը: Խանչար (դաշոյն) պապուկը: Թէ ինչո՞ւ խանչար կոչած էին զայն, չեմ իմացած: Յովսէփ` Խանչար պապուկը ոչինչ ունէր խանչարավարի, այլ համեստութեան ու բարութեան մարմնացում էր: Իր ապրուստը կը վաստակէր պարտէզէն, առաւել` երկու կով պահելով: Թաղին ու նաեւ մեր տան սպառած կաթը ան կը մատակարարէր:
Համեստ տան մէջ, համեստ կահաւորումով, սակայն այնտեղ, սեղանի մը վրայ բազմած կը տեսնէի հնամենի ու խնձորի մեծ սնտուկի մը ծաւալով ձայնասփիւռ մը, գուցէ Բ. Աշխարհամարտէն մնացած: Ու այդ ձայնասփիւռը աղբիւրն էր այն լուրերուն, իր հասկցած լուրերուն, զորս Խանչար պապուկ կ՛ունկնդրէր ամէն գիշեր, իսկ յաջորդ օր, այս անգամ ինք այդ հասկցածը «կը ձայնասփռէր» Քեսապի ակումբը, սեղանի մը շուրջ բոլորուած տարեկից ընկերներուն:
Մեր թաղի պապուկներուն շարքը տակաւին շատ երկար է:
Յիշեմ ու թուեմ անոնց անունները. «Ամիրա» պանդոկին տէրը` Ֆութի պապուկը, Պուլատէկ (Փոլատեան) պապուկը, Հովիւ Յակոբը` «բարի հովիւը», Երկար Ժոզեֆը, կամ «շոֆեր» (վարորդ) Երկար Ժոզեֆը, ու իր 1949-ի արտադրութիւն «Օլտըզմոպիլ» ինքնաշարժը, որուն մէջ ամէն առաւօտ ան կը տեղաւորէր աւելի քան ութ անձեր զանոնք Լաթաքիա տանիլ-բերելու համար: Հապա՞ սրճարանատէր Գահուաճի Մինասն ու իր աննման սազը, սազի երաժշտութիւն` սուրճի կամ թէյի համով:
Անոնք բոլորը ճաշակած էին հայոց Մեծ եղեռնի դառնութեան բաժակը, ազատած` թրքական կառափնատէն:
Ես զանոնք ճանչցայ կեանքիս արշալոյսին: Հիմա` կէս դար ետք զանոնք կ՛որոնեմ, երբ անոնց դատարկուած տուներուն առջեւէն կ՛անցնիմ:
Գրագէտ Սիմոն Սիմոնեան իր «Լեռ եւ ճակատագիր» խորագիրով գիրքին մէջ ունի պատմուածք մը, ուր ան կ՛ըսէ իր սասունցի աւագ հայրենակիցներու բերնով (Սասունի բարբառով).
– Մենք արիւն տեսած մարդիկ ենք, մեր մասին ինչպէ՞ս կը գրես:
Ու ան կը պատասխանէ.
– Ես գրեցի իմ հայրերուս, հօրեղբայրներուս ու մեծ հայրերուս մասին: Մարդ ի՞նչ կրնայ գրել անոնց մասին:
Ու ես գրեցի մեր պապուկներուն մասին, գրեցի անոնց պարզ ու ռամիկ մեծութիւններուն մասին` ստանալու համար անոնց օրհնութիւնը (անդենականէն):
«Հին օրհնութիւն»-ը (Յ. Թումանեան):
Քեսապ, 10 մարտ 2022
https://www.aztagdaily.com/archives/542688
Leave a Reply