Էրտողանի մամուլի խօսնակը ԱՄՆ-ի մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն

Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը Շիքակոյի թրքական հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն հետ: Ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղի (Արցախ-Ակունքի խմբ․) հարցին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Ntv.com.tr-ը։

Ան շեշտած է, թե ԱՄՆ-ի հայկական լոպպին հակաթրքականութիւնը դարձուցած է իր ինքնութեան մէկ մասը։

«Հիմա սակայն Հարաւային Կովկասի մէջ կ՝ընթանայ գործընթաց մը, որ փլուզման կը տանի այն ամէնը, ինչի վրայ Սփիւռքը (նկատի ունի հայկական սփիւռքը) կառուցած է իր ողջ փաստարկները: Այսինքն Կովկասի մէջ Թուրքիա-Հայաստան կամ հայ-թրքական հակամարտութիւնը արդէն կը մօտենայ աւարտին: Այնտեղ արդէն բացուած է պատմութեան նոր էջ. Ղարաբաղը «ազատագրուած» ու ընդգրկուած Ազրպէյճանի կազմին էջ»,- ըսած է Քալընը՝ աւելցնելով, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը քայլեր ձեռնարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Ըստ Էրտողանի խօսնակին՝ յիշեալ կարգաւորման գործընթացը ամենաշահաւէտը պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, որ ելք չունի դէպի ծով, տնտեսապէս տկար է եւ կախուածութեան մէջ է Ռուսիայէն: Քալընի խօսքով՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Հայաստանի համար նպաստաւոր պիտի ըլլայ թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ քաղաքականապէս։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2021
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ