«Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում, հայկական յուշարձանների հետքերով». Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի նոր հատորը

Ատրպատականի հայոց թեմի հայկական քաղաքներու, գիւղերու եւ անոնց մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններու պատմութեան եւ ներկայ իրավիճակին գիտական ու դաշտային ուսումնասիրութիւնը կատարելով, հինգ տարի առաջ, 2017-ին, թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան հրատարակած էր սոյն նիւթին նուիրուած իր Ա. հատորը: Ան կ՛ընդգրկէր Թաւրիզի, Ուրմիոյ, Արտապիլի եւ անոնց շրջակայ գիւղերու 98 հայկական եկեղեցիներն ու անոնց պատմութիւնը, առաջին գիրքը ըլլալով սոյն վերնագրով եռահատոր մատենաշարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք»-ը։

Սոյն մատենաշարի Բ. հատորը 2021-ին լոյս տեսաւ Թաւրիզ: Հեղինակը զայն ամբողջութեամբ յատկացուցած էր Ղարադաղի վեց գաւառակներու հայկական գիւղերու ուսումնասիրութեան: Այնպէս, ինչպէս գիրքին յառաջաբանին մէջ կը գրէ սրբազանը, դիւրին չէ եղած սոյն ուղեւորութիւնը դէպի Ղարադաղ` ներկայի Քալեպար եւ Արասպարան շրջանը: Գիւղերուն մեծ մասը հարթ ճանապարհ չէ ունեցած, իսկ ոմանք ամբողջութեամբ անանցանելի ճանապարհներ ունեցած են, որուն պատճառով ալ ուղեւորները ստիպողաբար օգտուած են չորքոտանի փոխադրամիջոցներէն:

Բ. հատորը, որ կը բաղկանայ 620 որակեալ էջերէ, կը ներառէ պատմութիւնը Ղարադաղի նախկին հայկական 82 գիւղերուն: Յիշեալ էջերը գիտական ուսումնասիրութիւն ըլլալէ բացի, սոյն գիւղերուն սրբազան հօր կողմէ տրուած այցելութեամբ եւ այժմու տեղացի թուրք գիւղացիներու հետ զրոյցներով` բանաւոր աղբիւրներու օգտագործմամբ, նոր լոյս կը սփռեն տարածաշրջանին մէջ ապրած հայոց անցեալի պատմութեան վրայ:

Ղարադաղի վեց գաւառակները` Քէյվան, Մեշափարա, Մնջեւան, Հասանով Դզմար եւ Արաքսպար այցելելով` անցեալ հինգ տարիներուն ընթացքին սրբազան հայրը տեղագրած եւ ուսումնասիրած է սոյն գաւառակներուն մէջ գտնուող բոլոր հայկական եկեղեցիներու, գերեզմանատուներու եւ սոյն գիւղերու հայ բնակիչներէն մնացած տուներու եւ այլ յիշատակներու հետքերը, նոյնիսկ` անոնց աւերակներուն մէջ վերապրած վերջին քարը:

Սոյն Բ. հատորը, ինչպէս նախորդը, նոյնպէս ճոխացուած է գունաւոր բարձրորակ լուսանկարներով, որոնք կենդանի պատկեր կը հաղորդեն ուղեւորութիւններու ընթացքին մասին: Հատորի էջերուն մէջ ներկայացուած եւ ուսումնասիրուած են նաեւ այն ձեռագրերն ու կիրառական արուեստի նմուշները, որոնք սոյն գիւղերուն մէջ գրուած կամ ստեղծուած են, եւ որոնք այսօր կը գտնուին թեմի կամ այլ երկիրներու մատենադարաններուն եւ թանգարաններուն մէջ: Գիտական սոյն մատենաշարի վերջաւորութեան զետեղուած են անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը` դիւրացնելով ուսումնասիրողներուն աշխատանքը:

Մատենաշարի բովանդակութիւնը մասնագիտական ըլլալով մէկտեղ, լեզուն հանրամատչելի է եւ դիւրընթեռնլի, յատկապէս` ինքնախօս լուսանկարներու յարակցութեամբ: Ատրպատական ապրած մեր նախնիներէն ժառանգ մնացած մշակութային անգին հարստութեանց վերանորոգութիւնը կամ բոլորին պահպանութիւնը` իբրեւ շէնք ու կառոյց անկարելի ըլլալով, յատկապէս` հայաթափուած շրջաններուն մէջ, սոյն գիրքը եւ ամբողջ մատենաշարը հայ դպրութեան միջոցով անոնց պահպանումն է եւ սրբազան հօր կողմէ կտակումը` յաջորդող սերունդներուն:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2021
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ