Թուրքիան պիտի շարունակէ պայքարիլ բարեկամ եւ եղբայրական երկիրներու իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութեան համար, այդպիսին է Ազրպէյճան: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:
Անոր համաձայն, Թուրքիան կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն աշխուժ շրջանը: «Քայլեր կը ձեռնարկուին սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման համար», աւելցուցած է Աքար:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, թրքական զինեալ ուժերը կը շարունակեն երկրին եւ արտերկրի մէջ իրենց զինուորական գործողութիւնները:
https://www.aztagdaily.com/archives/532647
Leave a Reply