Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն որոշ մանրամասնութիւններ բացայայտած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sabah-ը։
Չաւուշօղլուն մասնաւորապէս ըսած է. «Հայաստանի հետ փոխադարձաբար յատուկ ներկայացուցիչ նշանակելէ ետք՝ անոնք ուղիղ կապ կ՝ունենան, կը համաձայնեցնեն, թէ ուր եւ ինչպէս պիտի հանդիպին: Ճիշդ չէ նախօրօք ըսել, թէ ինչ պիտի խօսին ներկայացուցիչները, սակայն առաջնահերթութիւնները կարելի է որոշակիացնել: Այնուհետեւ աշխատանք պիտի տարուի ճանապարհային քարտէզի վրայ»:
Թուրք նախարարը յայտնած է, որ Ազրպէյճանը միշտ անուղղակի կերպով պիտի ըլլայ այդ գործընթացին մէջ:
«Ազրպէյճանը մշտապէս պիտի տեղեկացուի (գործընթացին մասին-խմբ.): Քայլերն ալ համակարգուած պիտի կատարուին: Այսինքն Ազրպէյճանի համար անակնկալ չ՝ըլլար: Ռուսիան ու ԱՄՆ-ն ալ կ՝աջակցին այս գործընթացին: Սահմաններու բացման վերաբերեալ Ազրպէյճանի հետ միասին որոշում պիտի կայացնենք: Օրինակ՝ Հայաստանին Ազրպէյճանի հետ համընդգրկուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու առաջարկ պիտի ըլլայ: Մենք ալ կրնանք ընդգրկուիլ այնտեղ: Իբրեւ օրինակ կ՝ըսեմ՝ նման պայմանագիր ստորագրելու ժամանակ սահմաններու բացումն ալ կրնայ մտնել անոր մէջ»։
Չաւուշօղլուն նաեւ անդրադարձած է կարգաւորման գործընթացին Թուրքիոյ հայ համայնքի մասնակցութեան կամ աջակցութեան թեմային։
«Թուրքիոյ մէջ ապրող Թուրքիոյ քաղաքացի հանդիսացող հայկական համայնքն ալ անպայման իր նպաստը պիտի ունենայ: Վերջին օրերուն անոնց կողմէ այս գործընթացին աջակցող յայտարարութիւնները արդէն իսկ ներդրում են: Ըստ իրավիճակի եւ գործունէութեան դաշտի՝ անոնց մասնակցութիւնն ալ օգտակար պիտի ըլլայ:
Փոխադարձ թռիչքներ իրականացնելու համար դիմած ընկերութիւններ կան: Կարելի է մտածել այս փուլով երկու կողմերէն մէկական ընկերութիւններով սկսելու, ապա ըստ զարգացումներու՝ անոնց թիւը աւելցնելու մասին»,- եզրափակած է Չաւուշօղլուն։
Yerakouyn.com
Leave a Reply