Ֆրեզնոյի Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ 2017-2020-ի միջեւ հայագիտական նիւթով լաւագոյն աւարտաճարի մրցանակը յանձնեց դոկտ․ Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեանին, որուն ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է Պոլսոյ պանթուխտ բեռնակիրներու տիպարի ներկայացման (The Figure of the Bantoukhd Hamal of Constantinople: Late Nineteenth-Century Representations of Migrant Workers from Ottoman Armenia)։ Մրցանակին կ՛ընկերանայ 1000 տոլարի նուէր մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։
Պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ դոկտ․ Հրակ Փափազեանի աւարտաճառը, որ նուիրուած է ներկայ Թուրքիոյ հայերու ինքնութեան պայքարին (Contesting Armenianness: Plurality, Segregation and Multilateral Boundary Making among Armenians in Contemporary Turkey)։
Yerakouyn.com
Leave a Reply