Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունիին՝ թրքական Turkish Airlines թռիչքուղիներու գովազդին մէջ նկարահանուելէն հրաժարուելուն համար։ Գովազդի մէկ օրուան նկարահանման համար անոր առաջարկուած է 35 միլիոն տոլար։
«Շնորհակալութիւն Ճորճ Քլունիին մէկ օրուան աշխատանքի համար $35,000,000-ով Turkish Airlines-ի գովազդին մէջ նկարահանումներէն հրաժարուելուն համար։
Թրքական թռիչքուղիները, որուն բաժնետոմսերուն 49 տոկոսը կը պատկանի Թուրքիոյ, Էրտողանի վարչաձեւին, ներգրաւուած է մարդոց առեւտուրի եւ ծայրայեղական, ճիհատական վարձկաններու անդրսահմանային փոխադրումներու մէջ», – կը նշուի Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:
Leave a Reply