Արժէքներու յարատեւութիւն

Տիարպաքըրի պատմական կեդրոնի՝ Սուր գաւառակի Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս երէկ յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ 2015 թուականին անվտանգութեան ուժերու կողմէ ծաւալուած հակաահաբեկչական գործողութիւններուն ժամանակ վնասուած էր այս եկեղեցին՝ ինչպէս շրջանի այլ բազում սրբավայրերը։

Յաջորդած ժամանակաշրջանին պետութեան կողմէ վերանորոգուած Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցին երէկ վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան այս առթիւ մատոյց Ս. Պատարագ։ Արարողութեան ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին շեշտեց այս եկեղեցւոյ պետութեան կողմէ վերանորոգուած ըլլալը, ինչ որ բարձր գնահատանքի արժանի նկատեց։ Ան նշեց, որ պատմական այս կոթողն ու անոր խորհրդանշած մարդկային ու բարոյական արժէքները սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցուին եւ կեանքի շարունակականութեան մէջ անոնց կենսունակութիւնը երաշխաւորուած կը համարուի այս վերանորոգութիւնով։

Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին տասն տարուայ ժամկէտով, կրթական ու մշակութային նպատակներու ծառայելու պայմանով տրամադրուած է «Տիճլէ» համալսարանին, ինչ որ կ՚ընդգծուի նաեւ տեղական մամուլի հաղորդումներուն մէջ։

Երէկուան արարողութիւններուն ժամանակ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ոսկեբերան երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Զաւէն Ակայի։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/6-12-2021-արժէքներու-յարատեւութիւն 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2021
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ