Էրտողան. «Թուրքիա Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ պիտի ձեռնարկէ բանակցութեանց նոր փուլի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ կնքուած համաձայնութեանց օրինակով, մերձեցման  նման քայլերու  պիտի ձեռնարկէ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ թրքական տեղական աղբիւրներու եւ «Էն.Թի.Վի» կայանին կը վերագրէ իր տեղեկութիւնները, կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքմենիստանէն վերադարձին Էրտողան յայտնած է, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Թուրքիոյ մէջ տասը միլիառ տոլարի շահարկման  ներդրում կատարելու ծրագիր մշակած են, ինչ որ «հիմնովին տարբեր ապագայ կերտելու առիթ պիտի ընծայէ մեզի»: Էրտողան իր մտադրութիւնը յայտնած է փետրուար 2022-ին այցելելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

https://www.aztagdaily.com/archives/530687 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2021
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ