Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ազդու միջամտութեամբ կանգ առաւ Թեսաղոնիկէի քաղաքի հանրակառքերուն վրայ երեւցած ատրպէյճանական գովազդային արշաւը, որ ցոյց կու տար Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքի պատմական բերդը եւ անոր պարիսպներուն վրայ երեւցող Շուշիի անուան ատրպէյճանական տարբերակը, իսկ յունարէն լեզուով գրուած էր «Շուշա, Ազրպէյճան» գրութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։
Հանրակառքը նկարուած էր Թեսաղոնիկէի ճամբաներուն վրայ եւ անոր նկարը լայն տարածում գտած էր ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն կողմէ, որոնք բուռն կերպով դատապարտեցին ատրպէյճանական փորձերը՝ ներկայացնելու հայկական Շուշին որպէս ազրպէյճանական քաղաք։ Նշենք, որ զանազան լրագրողներ եւս իրենց էջերէն բողոքի արտայայտութիւններով պահանջեցին ծրագիրի կասեցումը։
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները արագ հակազդելով, կապի մէջ մտան Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրամիջոցներու սպասարկութեան տնօրէնին հետ, որ խոստացաւ անմիջականօրէն դադրեցնել մնացեալ հանրակառքերու նոյն գովազդով երեւումը եւ ամբողջութեամբ չեղարկել ծրագիրը։ Տնօրէնը յայտնեց, թէ գովազդային աշխատանքը յանձնուած էր մասնագիտացած ընկերութեան մը, իսկ պետական սպասարկութեան պատասխանատուները տեղեակ չէին անոր պարունակութենէն։
Յիշեցնենք, որ շաբաթներ առաջ, ազրպէյճանական նմանօրինակ գովազդային ծրագիր մը երեւցաւ Լոնտոնի մէջ եւ կանգ առաւ շնորհիւ Հ.Յ.Դ. Լոնտոնի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն։
Նշենք, որ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւս կարճ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ ազրպէյճանական քարոզչական սադրանքին մասին եւ յայտնեց, թէ յունահայ համայնքային կառոյցներուն հետ միասին ամէն միջոց կը գործադրուի, որպէսզի այդ սադրանքը չէզոքացուի եւ ապագային չկրկնուի։
Yerakouyn.com
Leave a Reply