Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը խոստանայ ամէն իմաստով օժանդակել Լիբանանին

•

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց ամէն տեսակի օժանդակութիւն, որ Թուրքիա կրնայ տրամադրել Լիբանանին, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու առումով:

Իր կարգին, Չաւուշօղլու հաստատեց, որ իր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկէ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Չաւուշօղլու այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրի հաստատած է, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ մարտին:

Չաւուշօղլու նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է զոյգ երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Կէսօրին Չաւուշօղլու այցելեց լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ հանդիպումէն ետք, անոնք հրաւիրեցին մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը:

Պու Հապիպ մաղթեց, որ Թուրքիա դիւրութիւններ տրամադրէ` իր շուկաները բանալով լիբանանեան արտադրութիւններուն դիմաց:

Իր կարգին, Չաւուշօղլու հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք չէ ստիպուին սուղ վճարել շրջանային սակարկութիւններուն գինը:

Ան անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական տագնապին լուծումը բանակցութիւններու ճամբով եւ աւելցուց, որ այս իմաստով Թուրքիա պատրաստ է դրական դերակատարութիւն ունենալ:

Յետմիջօրէին Չաւուշօղլու այցելեց վարչապետարան:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպումին ընթացքին Չաւուշօղլու հաստատեց, որ Թուրքիա շահագրգռուած է Լիբանանի առողջապահական մարզին զօրակցելու, յատկապէս կառավարական հիւանդանոցներուն օժանդակելու եւ անոնց դեղորայք ու հիւանդանոցային պիտոյք ապահովելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ներդրումները աւելցնելու եւ զբօսաշրջական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:

Նշենք, որ Չաւուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամի հետ, որուն հետ հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ Անգարա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի տնտեսական կայունութեան:

https://www.aztagdaily.com/archives/529442 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ