Ալիեւ․ Զանգեզուրի միջանցքը պիտի միաւորէ թրքական աշխարհի բոլոր երկիրները

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ խօսած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին, այս անգամ` Պոլսոյ մէջ Թրքական երկիրներու համագործակցութեան ընդհանուր ժողովին: Լուրը կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան վերջին պատերազմին` Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «Ազրպէյճանի յաղթանակը կը նշանակէ շրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ենթակառոյցներու զարգացում»` դիտել տալով, որ այդ առումով «Զանգեզուրի միջանցքին բացումը» կարեւոր է:

«Ատիկա լայն հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ ամբողջ տարածաշրջանին համար, այդ միջանցքը շատ լաւ ներուժ ունի, եւ պիտի միաւորէ թրքական աշխարհի բոլոր երկիրները` մեզ միացնելով Եւրոպային», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

https://www.aztagdaily.com/archives/529056 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ