Աքար. «Թուրքիան միշտ պատրաստ է Ազրպէյճանի խնդիրները լուծելու համար իր կարելիութիւնները զօրակոչի ենթարկելու»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, որ կը գտնուի Ազրպէյճան, երէկ հանդիպում ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Զաքիր Հասանովի հետ, ապա երկու նախարարները ունեցած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:

Թուրք նախարարը խօսած է երկու երկիրներու պատմական ընդհանրութեան մասին` ընդգծելով, որ իրենց եղբայրութիւնը անխախտելի եւ յաւերժ է: Աքար նշած է, որ Թուրքիան միշտ պատրաստ է Ազրպէյճանի խնդիրները լուծելու համար իր կարելիութիւնները զօրակոչի ենթարկելու:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին անդրադառնալով միացեալ ռազմափորձերուն շեշտած է, որ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները պիտի շարունակուին:

https://www.aztagdaily.com/archives/528684 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ