Պելճիքայի Անդվերբեն քաղաքի Սուրբ Վիլիպրորտուս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսին հանդիսաւոր բացումը:
Ցուցահանդէսը Ֆլամանտական Խաղաղութեան (VOS) Միութեան եւ լրագրող-լուսանկարիչ Յենս Տը Ռայքի նախաձեռնութիւնն է, որ կեանքի կոչուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին հետ համագործակցութեամբ։ Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին՝ VOS-ի նախագահ Տոմինիք Փոթթերսը եւ լուսանկարներու հեղինակ Յենս Տը Ռայքը լուսաբանեցին ցուցահանդէսին հիմնական նպատակը՝ իրազեկել Պելճիքայի հանրութիւնը Արցախեան պատերազմի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ կանխել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն կրկնութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Պելճիքայի դաշնային խորհրդարանի անդամ Փիթըր տը Ռովերը, որ 2015-ին ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին զեկուցողն էր։
Բացման խօսքին մէջ՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ցուցահանդէսի բոլոր նախաձեռնողներուն եւ ընդգծեց նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը Արցախի հակամարտութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար. «Մենք պէտք է դասեր քաղենք մեր պատմութենէն, մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններէն, որպէսզի անոնք չկրկնուին։ Աւաղ, միշտ չէ, որ այդպէս է։ Այս ցուցահանդէսը կարեւոր է, քանի որ մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, որ եթէ յանցագործութիւնը չի պատժուիր՝ անիկա դատապարտուած է կրկնուելու։ Ցաւօք 2020-ի աշնան մենք ականատես եղանք նաեւ Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութեան Արցախի մէջ աղետալի պատերազմին»:
Նոյեմբեր 8-30 ցուցահանդէսը պիտի տեղափոխուի Ֆլանտրիայի Սինթ Նիքլաս քաղաք։
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ
Yerakouyn.com
Leave a Reply