Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց իրաւաբան Պէրք Աճարը

Մամլոյ սիւնակներուն մէջ անցեալ շաբաթ արձագանգ գտած էր, Իրաւաբան Պէրք Աճարի Գաւառապետ դառնալու քննութեանց մէջ ձեռք բերած յաջողութիւնը։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իրազեկ դառնալով այս յաջողութեան, հեռաձայնային կապ հաստատեց Պերք Աճարի հետ եւ շնորհաւորեց զինքը։

Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջողութիւն մաղթելով երիտասարդ իրաւաբանին, իր ապագայ գործունէութեանց մասին բարեմաղթութիւններ ըրաւ։ Հարկ է յիշեցնել, թէ՝ երիտասարդ իրաւաբանը շրջանաւարտներէն է Սահակեան Նունեան Վարժարանի։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ