Էրտողան մտադրած է իւրացնել Սեւ ծովուն կէսը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է իւրացնել Սեւ ծովուն կէսը` «Երկնագոյն հայրենիք» հայեցակարգի ծիրին մէջ ուժեղացնելով անոր աւազանին վրայ ազդեցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին:

Թրքական օրաթերթին տուեալներով` Անգարան կը պատրաստուի հետեւելու Սեւ ծովու յունական ափերէն մինչեւ արեւելեան ափերու կացութեան: Այդ նպատակին համար Թուրքիան պիտի կառուցէ ելեկտրոնային ռազմակայաններ, որոնք պիտի արտօնեն հետեւիլ կացութեան, նաեւ Սոչիի ափերու շրջանին մէջ:

Ներկայիս արդէն Եգէական եւ Մարմարա ծովերու հսկողութեան համար կառուցուած է 13 այդպիսի ռազմակայան: Իսկ այժմ Անգարան կ՛ուզէ հսկողութիւն հաստատել սեւծովեան ջուրերու առնուազն 50 առ հարիւրին վրայ:

https://www.aztagdaily.com/archives/527633 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2021
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ