Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ծանօթացած են Ահմատպէյլի-Վարանդա(Ֆիզուլի)-Շուշի մայրուղիի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:
Ազրպէյճանի ճամբաներու պետական գործակալութեան նախագահ Սալեհ Մամետով մայրուղիի հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին անոնց ներկայացուցած է ընթացիկ աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Դուք կ՛երթաք մինչեւ Հայաստանի հետ սահման, այնպէս չէ՞: Դուք աւելի հեռու պիտի երթաք», ըսած է Էրտողան:
«Այո՛, այնտեղէն մենք պիտի երթանք միւս կողմ: Ալլահի օգնութեամբ պիտի հասնինք Պոլիս, Եւրոպա», պատասխանած է Մամետով:
Ալիեւ աւելցուցած է, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը ամբողջ թրքական աշխարհը պիտի կապէ:
«Ազրպէյճանն ու Թուրքիան գործնական քայլերու կը ձեռնարկեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրագործման համար, եւ ես վստահ եմ, որ այդ քայլերը մօտիկ ապագային իրենց արդիւնքը պիտի տան», ըսած է Ալիեւ:
https://www.aztagdaily.com/archives/527232
Leave a Reply