Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարի օգնականը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանն այցելեց

Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. պատրիարք հայրը ուրբաթ, 22 հոկտեմբերի յիտմիջօրէին, պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարի օգնական Մուհթերեմ Ինճէն՝ ընկերակցութեամբ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի, նահանգներու վարչութեան ընհանուր տնօրէն Քիւրշատ Քըրպըյըքըի եւ նահանգներու վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան վարչայիններէն Մեհմետ Եիւզերի:

Հանդիպման ներկայ եղաւ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամ տոքթ. Սեւան Սվաճըօղլու:

Այցելութեան ընթացքին, պատրիարքը հիւրերուն տեղեկացուց համայնքային եւ թաղային մարմիններու ընտրութիւններու հարցին մասին համայնքային շրջանակներու ակնկալութիւնները եւ վստահութիւն յայտնեց, որ պատկան մարմինները պիտի տնօրինեն պարտն ու պատշաճը ընտրութիւնները իրականացնելու ուղղութեամբ:

Հանդիպման աւարտին, պատիրաքը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն՝ այցելութեան եւ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար:

(Թղթակցութիւնը՝ պատրիարքութենէն)

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2021
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ