«Վասպուրականի արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում»․ Համազգայինի լոյս ընծայած գիրքը՝ նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200-ամեակին

Համազգայինի երեանեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է Հայ եկեղեցւոյ 125-րդ կաթողիկոս, հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող Խրիմեան Հայրիկի մասին «Վասպուրականի Արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» գիրքը, որուն հեղինակը բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեանն է։

Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200-ամեակը լաւագոյն առիթն է անդրադառնալու Հայոց պատմութեան Մեծերէն Խրիմեան Հայրիկի ազգային ու եկեղեցական գործունէութեան։ Գիրքին հեղինակը՝ ընդհանրացնելով՝ այսպես կը բնութագրէ անոր ապրած կեանքը․ «Խրիմեանը Վանի թաղամասերէն մէկուն մէջ ծնաւ իբրեւ Մկրտիչ, ապրեցաւ իբրեւ Վասպուրականի Արծիւ եւ Հայ ժողովուրդի համար դարձաւ Հայոց Հայրիկ»։

Խրիմեան Հայրիկի պատգամ-խրատները այսօր ալ նոյնքան ճշմարտացի են, որքան հարիւրաւոր տարիներ առաջ․ «Ներքին անհամերաշխութիւնը աւելի շատ Հայրենիքը կորստեան կը մատնէ, քան եկած թշնամին»։

Ռուզան Առաքելեան

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2021
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ