Թարգմանչաց տօնի եւ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ Գնալը կղզիի մէջ յիշատակութիւն

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 10 հոկտեմբեր 2021, կիրակի, կիրակնօրեայ արարողութեանց հանդիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց՝ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Արարողութեան երգեցողութիւնները կատարուեցան, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեանի։ Ներկայ էին կոկիկ թիւով հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդէ անդամներ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Հայր Սուրբը, քարոզեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ այրի կնոջ լումայի պատմուածքին։ Շեշտեց թէ, Յիսուս այրի կնոջ լումայի օրինակով հանդէս եկած էր առաքեալներուն, ցոյց տալու համար, թէ՝ ծառայութեան քանակէն աւելի որակը արժէքաւոր էր առաջի Աստուծոյ։ Այս առթիւ ներկաները հրաւիրեց ամենայն կատարելութեամբ կեդրոնանալու ծառայութեան գաղափարին վրայ եւ իրենց լաւագոյն եւ որակաւոր ընծան մատուցանելու Աստուծոյ։ Որպէս օրինակ ցոյց տուաւ Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու, յատկապէս Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի ծառայասիրութիւնը, որուն որպէս հետեւանք Հայ ժողովուրդը տիրացած էր իր այբուբէնին եւ յաջորդաբար Հայոց այբուբէնի եւ լեզուի գործածութեամբ կերտած էր իր փայլուն ապագան։ Հայր Սուրբը իր խօսքերու աւարտին ըսաւ. «Եկեղեցական եւ կրթական միջավայրերու մէջ, կարելի չէ յաջողութեան մասին խօսիլ, եթէ միայն մեր կեանքի փշրանքը կը նուիրենք մեր եկեղեցիին եւ կամ կրթական հաստատութեան։ Եթէ կ՚ուզենք յաջողիլ մեր ծրագիրներուն եւ իտէալներուն մէջ, մեր գաղափարն ու զօրութիւնը, ամբողջապէս պէտք է ընծայաբերենք նոյն ծրագրին»։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Հայր Սուրբը այցելութիւն տուաւ Գնալը Կղզիի նահապետ կոչուած Տ. Դիոնէսիոս Աւ. Քհնյ. Ճիզմէճեանի շիրմին։ Լուսահոգի Տէր Հայրը, եղած է նաեւ անձնդիր կրթական մշակը Գնալը Կղզիի երբեմնի Ս. Ներսէսեան Վարժարանին։ Հայր Սուրբը, այստեղ հանգստեան աղօթքով յիշատակեց Տէր Հայրը, ինչպէս նաեւ Ս. Ներսէսեան Վարժարանի հանգուցեալ սպասաւորները։

Ս. Թարգմանչաց Տօնին տրուած այս այցելութիւնը առիթ եղաւ, որպէսզի հանգսեան աղօթքով յիշատակուին Ս. Եկեղեցւոյս որպէս քարոզիչ ծառայած երանաշնորհ վարդապետներն ու եպիսկոպոսները։ Բաց աստի յիշատակուեցան նաեւ Հայ Գրի, գրչի սպասաւորած գրական դէմքեր եւ մամլոյ սպասաւորներ, որոնց շարքին անգամ մը եւս իր կղզիին մէջ յիշատակուեցաւ Կարօ Համամճեանը։

Այս առումով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ Տ. Դիոնէսիոսի շիրիմը կը մնայ որպէս խորհրդաշնական ներկայութիւն, որմէ կը բխի թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ կրթական յիշատակութիւններ։

ԱՌ ԿՂԶԵՑԻՍ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ

Աղբիւր։ S. Krikor Lusavoriç Kınalıada – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Գնալը Կղզի 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2021
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ