Յունաստանի մէջ բողոքի ցոյց՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն ու յարձակողականութեան դէմ

Երկուշաբթի, 27 սեպտեմբերին, ժամը 19։00-ին, Արցախի 44-օրեայ ծանր պատերազմէն մէկ տարի անց, Աթէնքի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն եւ յարձակողականութեան դէմ բողոքի ցոյց պիտի իրականացնէ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը։

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

Նոյն օրը, ժամը 20։00-ին, Թէսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի իրականացուի հաւաք։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2021
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ