Ամեն Ս․ Պատրիարք Հայրը այցելեց Յունաց պատրիարքարան

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 սեպտեմբեր 2021, հինգշաբթի, ժամը 14.30ին այցելեց ՅունացՊատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Դիւանապետի Օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանեւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նախ քան ընդունելութիւնը, Նորին Ամենապատուութիւնը ու հետեւորդները այցելեցին Աթոռանիստ Ս. Գէորգ Տաճար, ուր առաջի Ս. Սեղանոյ կատարեցին աղօթասացութիւն։ Ապա, Պատրիարք Հայրըհանդիպում ունեցաւ, Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Պատրիարքի հետ։

Քաղաքավարական այս այցելութեան ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց ՆորինՍրբութիւնը իր ծննդեան եւ քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձերուն առթիւ, նաեւշնորհակալութիւն յայտնեց անհանգստութեան օրերուն ցուցաբերած եղբայրական ջերմհետաքրքրութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը տեղեկացած ըլլալով, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի գործողութեան ենթարկուած էր. յայտնեց արագ ապաքինմանիր մաղթանքները։

Ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընդացքին երկու հոգեւոր պետերգաղափարի փոխանակումներ ունեցան միջեկեղեցական առօրեայ եւ ընթացիկ նիւթերու շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր հետեւորդները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուածընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2021
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ