«Ղարաբաղի մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու յաջողութիւնը այսօր ամբողջ աշխարհի շուրթերուն վրայ է» կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ Ազգային պաշտպանութեան համալսարանին մէջ ծովուժի եւ օդուժի ակադեմիայի շրջանաւարտներու աւարտական ձեռնարկին ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յիշեցուցած է Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու յաջող կիրարկումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Թրքական հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու յաջող կիրարկումը` Սուրիայէն մինչեւ Ղարաբաղի տագնապի բազմաթիւ գօտիներ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, այսօր ամբողջ աշխարհի շուրթերուն վրայ է», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

https://www.aztagdaily.com/archives/521139 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2021
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ