Պատրիարք Հայրը հովուապետական այցելութիւն կը շնորհէ Մալաթիա

Այս շաբաթավերջ «Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ – Թաշխորան Մշակոյթի Կեդրոնի» պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ մեծ հանդիսութիւններով։ Հոգեւորհանդիսութիւններուն իր բարձր նախագահութիւնը պիտի բերէ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրըեւ պիտի մասնակցի աշխարհիկ հանդիսութեանց։ Նորին Ամենապատութեան սոյն այցելութիւնըպիտի ունենայ նաեւ Մալաթիա տրուած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան բնոյթ։

Պատրիարք Հայրը, 27 օգոստոս 2021, ուրբաթ, յետ միջօրէին օդային ճամբով պիտի ճամբորդէ Մալաթիա։ Նորին Ամենապատուութեան պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն՝ Լուսարարապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Անտիոքի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Բաց աստի արարողութեան մասնակցելու համար Ստանպուլէն Մալաթիա պիտի ժամանեն սարկաւագներ ու կիսասարկաւագներ։ Իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարելու համար դէպի Մալաթիա պիտի ճամբորդէ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը՝ առաջնորդութեամբ Վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Հակառակ անոր որ Քորոնա Համավարակի պայմանները տակաւին կը շարունակեն, արարողութեան մասնակցելու համար բազմաթիւ հաւատացեալներ պիտի փութան Մալաթիա։

Շաբաթ  առաւօտ ժամը 09.00ին, տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի կեդրոնի պաշտօնական բացումը, պաշտօնական աւագանիի մասնակցութեամբ։ Նոյն օրը, ժամը 17.00-ին, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնները տեղի պիտի ուենանան, եւ եկեղեցւոյ նորաշեն Ս. Սեղանները Պատրիարք Հօր ձեռամբ պիտի օծուին։ Իսկ Կիրակի առաւօտ, նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի։ Բաց աստի, Պատրիարք Հայրը տեղւոյն պատկան մարմիններու հետ հանդիպումներ պիտի ունենայ եւ աւելին՝ Մալաթիոյ մերազն ժողովուրդի անդամներու հետ մէկտեղուելով պիտի փոխանցէ իր հայրական օրհնութիւնները։

Իսկ կատարելի բոլոր հանդիսութիւնները, ուղիղ պիտի սփռուին Պատրիարքական Աթոռոյս կայքէջերէն։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2021
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ