«Թուրքիան քայլերու պիտի ձեռնարկէ, եթէ Հայաստանը օգտուի այս առիթէն» կ՛ըսէ Էրտողան

Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան համար պայմաններ ստեղծուած են: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին 25 օգոստոսին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Պիթլիս նահանգին մէջ շարք մը երկիրներու դեսպաններու հետ հանդիպումի ժամանակ:

Էրտողանի համաձայն, այդ պայմանները ստեղծուած են «Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւման աւարտէն ետք»:

«Եթէ Հայաստանը օգտուի այս առիթէն, ապա մենք ալ անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկենք», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Նշենք, որ Թուրքիան Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններու ընթացքին բացայայտ կերպով աջակցած է եւ զգալի օգնութիւն ցուցաբերած Ազրպէյճանին:

https://www.aztagdaily.com/archives/520422 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2021
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ